ՎԱՂԱԺԱՄ ՎԱԽՃԱՆ

Գուգարաց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեանի անժամանակ կորուստը մեծ ցաւ յառաջացուցած է եկեղեցական շրջանակներէ ներս։ Բոլոր անոնք, որոնք ճանչցած են զինքը, այժմ կը սգան իր վախճանումը։ Հաղորդական նկարագրով իր թողած բարի յիշատակը կը խորացնէ կորուստի պատճառած ցաւը։

Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները պաշտօնապէս հաղորդեցին՝ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեանի ի Տէր ննջած ըլլալը։ Խոր ցաւով հաղորդուեցաւ քորոնաժահրի համաճարակի պատճառով իր վախճանը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութիւնը խորապէս կը սգան լուսահոգի սրբազան հօր մահը, ինչ որ մեծ կորուստ մըն է Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Գուգարաց թեմի եւ անոր հաւատացեալ զաւակներուն համար։ Տակաւին չեն հաղորդուած վերջին օծման եւ յուղարկաւորութեան վերաբերեալ մանրամասնութիւնները։

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանն ալ երէկ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին ցաւակցական նամակ մը ուղարկեց այս վաղաժամ վախճանին կապակցութեամբ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին ուղարկուած նամակին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մատնանշած է իր խոր ցաւը կորուստին կապակցութեամբ։ Գումգաբուի աղբիւրները հաղորդեցին, որ պոլսահայ եկեղեցիներէն ներս այս կիրակի հոգեհանգստեան պաշտօն կը կատարուի՝ ի Տէր ննջած Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեանի համար։ Նորին Ամենապատուութեան կողմէ Վեհափառ Հայրապետին ուղարկուած ցաւակցականին զուգահեռ Պատրիարքարանի աղբիւրները հրապարակեցին իր լուսանկարներէն մին՝ հոգելոյս սրբազան հօր հետ։

Մայր Աթոռոյ վաստակաշատ միաբաններէն եւ Գուգարաց թեմի բազմարդիւն առաջնորդ՝ Տ. Սեպուհ Ս. Արք. Չուլճեանի վախճանման առթիւ գրի առած ցաւակցագիրին մէջ Նորին Ամենապատուութիւնը անդրադառնալով հոգելոյս սրբազանի իր ետին թողած երեսուն եւ երեք ամեայ հոգեւոր ու վարչական ծառայութեան՝ ի սպաս դրուած Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ պայծառութեան եւ իր խնամքին յանձնուած ժողովուրդին հոգեւոր մխիթարութեան, ըսաւ.

«Սրբազան հօր անժամանակ ու վաղաժամ մահը խոր կսկիծ կը յառաջացնէ մեր սիրտին մէջ։ Հայ Առաքելական Եկեղեցին երջանկայիշատակ սրբազանէն տակաւին կարեւոր ծառայութիւններ կ՚ակնկալէր եւ կասկած չունինք, որ ան պատրաստ էր բազում տարիներ եւս ծառայել։

«Մեր յիշողութեան մէջ թարմ կը մնայ տակաւին վախճանեալ սրբազան հօր Իսթանպուլ այցելութիւնները՝ զանազան առիթներով։

«Կ՚աղօթենք առ Աստուած, որ հանգիստ շնորհէ սրբազան հովուին հոգւոյն եւ արժանացնէ զայն երկնային անթառամ պսակներուն»։

Նորին Ամենապատուութիւնը իր, Պատրիարքական Աթոռոյ Կրօնական ժողովի, հոգեւորականաց դասու, համայնքային եւ թաղային մարմիններու վարիչներու եւ մեր հաւատացեալ ժողովուրդի, ցաւակցութիւն յայտնեց Նորին Սրբութեան եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւորականաց դասու անդամներուն։

Ի յիշատակ երջանկայիշատակ սրբազան հօր, Պատրիարքական Աթոռի տնօրինութեամբ, յառաջիկայ 22 նոյեմբեր, կիրակի, մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ պիտի կատարուի հոգեհանգստեան պաշտօն։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 20, 2020