ԱՔ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵՆԷՆ ՀԻՒՐԵՐ ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻՆ ՄԷՋ

Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք եւ իր գործակից ընկերները նախընթաց օր հիւրընկալեցին ԱՔ կուսակցութեան Պէյօղլուի մասնաճիւղի ղեկավար իրաւաբան Ապտուլլահ Էնէս Էօզքանն ու ընկերակիցները։ Զրոյցի ընթացքին կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան մերօրեայ երիտասարդութեան առողջ ու նպատակայարմար զարգացման ճանապարհին մարմնամարզի նշանակութեան շուրջ։ Ի յիշատակ այցելութեան Ալէն Թեքպըչաք եւ Ապտուլլահ Էնէս Էօզքան փոխանակեցին նաեւ յուշանուէրներ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2023