ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ՀԱՄԱԿԵՑՈՒԹԵԱՆ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆԸ Կ՚ԱՐԺԵՒՈՐՈՒԻ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԽՃԱՆԿԱՐԻՆ ՏԵՍԱԿԷՏԷ

Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեան վերջերս մասնակցեցաւ յատկանշական հաւաքոյթի մը։ Հանրապետութեան նախագահութեան առընթեր Հաղորդակցութեան բաժանմունքի ղեկավարութիւնը վերջերս ձեռնամուխ եղած է ծրագրի մը, որ կը կոչուի՝ «Թուրքիոյ խճանկարը. Զանազան կրօններու հանդիպման կէտը»։ Այս ծրագիրը կը համակարգուի Եալչըն Արըի կողմէ։ Գուզկունճուքի համակեցութեան փորձառութիւնը ընդգրկուած է այս ծրագրին մէջ։

Ուստի, Եալչըն Արըի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն մը, որուն մասնակցեցան Գուզկունճուքի թաղապետ Ալի Ֆաիք Քափթան, ինչպէս նաեւ թաղի զանազան կրօններու կամ դաւանանքներու սրբավայրերու վարչայինները։

Խորհրդակցութեան մասնակիցները նախ ճաշասեղանի մը շուրջ համախմբուեցան եւ ունեցան անմիջական զրոյց։ Յատկանշական էր, որ ճաշարանը թաղի նախկին նամակատան շէնքն էր։ Ճաշկերոյթէն վերջ բոլոր ներկաները մի առ մի շրջեցան Գուզկունճուքի զանազան կրօններու կամ դաւանանքներու պատկանող սրբավայրերը, ուր հիւրընկալ վարչայինները փոխանցեցին մանրամասն տեղեկութիւններ։

Շուրջօրեայ այս ծրագրի իւրաքանչիւր փուլը տեսագրուեցաւ Հանրապետութեան նախագահութեան Հաղորդակցութեան բաժանմունքին կողմէ։

Երեքշաբթի, Յունուար 21, 2020