ՊՈՒՐՈՒՆՔԸՇԼԱՑԻՆԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան անցեալ շաբթուան մէջ հիւրընկալեց մեր համայնքէն խումբ մը անդամներ, որոնց արմատները կ՚առընչուին Եոզղատի Պուրունքըշլա գիւղին հետ։ Այսպէս, Գումգաբու այցելեցին՝ Յովսէփ Արզուման, Նազարէթ Էօզսահակեան, Նազար Պինաթլը, Տքթ. Մելքոն Պալճը եւ այլք։ Հիւրերը շնորհաւորեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ընտրութիւնը։ Անոնք նշեցին, որ պուրունքըշլացի հայերը ուրախ են՝ Պատրիարքական Աթոռին վրայ նոր գահակալ մը տեսնելով։ Զրոյցի տեւողութեան անոնք տեղեկութիւններ փոխանցեցին գիւղի ընդհանուր կացութեան եւ իրենց գործունէութեան շուրջ։

Նորին Ամենապատուութիւնը ուրախութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար եւ փոխանցեց իր օրհնութիւնը։ Ան շեշտեց, որ Պատրիարքական Աթոռը միշտ նեցուկ պիտի կանգնի մեր ժողովուրդին։

Երեքշաբթի, Յունուար 21, 2020