ՔՈԼՈՒՄՊԻԱՅԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԷՆ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան վերջերս Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն խումբ մը ուսանողներ։ Այսպէս, Պատրիարքարան փութացին Քոլումպիայի համալսարանէն, Նիւ Եորք, ուսանողներ, որոնք Նորին Ամենապատուութենէն տեղեկութիւններ ստացան Հայ Եկեղեցւոյ եւ թրքահայ իրականութեան շուրջ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մասնաւորապէս անդրադարձաւ Պատրիարքական Աթոռի առաքելութեան եւ մատնանշեց անոր կարեւորութիւնը՝ որպէս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներէն մին։

Երեքշաբթի, Յունուար 21, 2020