ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԸ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԱՒ՝ ՊՐՈՒՍԱՅԻ ՄԷՋ ՎԱՃԱՌՔԻ ՀԱՆՈՒԱԾ ՀԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՐՑԻՆ

Պրուսայի մէջ հին Հայ Կաթողիկէ եկեղեցիի մը վաճառքի հանուած ըլլալու վերաբերեալ լուրերը վերջին օրերուն արձագանգ գտած են զանգուածային լրատուութեան միջոցներու մօտ եւ ընկերային ցանցերու վրայ։ Պատրիարքական Աթոռն ալ երէկ արձագանգեց այս հարցին։ Ստորեւ նոյնութեամբ կը ներկայացնենք Գումգաբուի կողմէ երէկ կատարուած պաշտօնական յայտարարութիւնը։

Համացանցային էջերէն ցաւով տեղեկացանք, թէ վերջերս Պրուսայի մէջ եկեղեցւոյ շէնք մը վաճառքի հանուած էր։

Ինչպէս ծանօթ է, Անատոլուի հողերուն վրայ գտնուող բոլոր աղօթատեղիները մեր երկրին մշակութային հարստութիւններն են։ Գործօն եկեղեցիներ, որոնք բաց են պաշտամունքի, արդէն իսկ իրենց համայնքներու կողմէ կը պահպանուին։ Այս եկեղեցիներու վարչութիւնները ամէն ջանք ի գործ կը դնեն զանոնք պահպանելու առաջադրութեամբ։

Անցեալին, պատերազմի տխուր պայմաններու պատճառաւ ժողովուրդէն դատարկացած եկեղեցիներու շէնքերը, ըլլան անոնք կանգուն կամ քայքայուած եւ կամ մասամբ աւերուած վիճակի մէջ, անկասկած, կը պահեն մեր երկրին հարստութիւնը ըլլալու իրենց հանգամանքը։

Իրականութիւն մըն է, թէ եկեղեցւոյ շէնքերը, անձրեւէ, ձիւնէ եւ կամ երկրաշարժէ վնասուած ըլլալու առընթեր, մարդկային ձեռքերով եւս կ՚աւերուին՝ անոնց հիմքերուն մէջ անգոյ գանձերու որոնման պատրուակով։

Ծանօթ իրողութիւն է, թէ մեր ժողովուրդին պատկանող  եկեղեցւոյ շէնքերը, անցեալին Օսմանական կայսերական հրովարտակներով կառուցուած եւ կամ դարձեալ կայսերական հրովարտակներով վերանորոգուած ու պահպանուած են։ Մեր երկրին մշակութային հարստութիւնը համարուող եւ ժողովուրդէն դատարկացած եկեղեցիներու պահպանումը անկ է պետական պատկան իշխանութեանց։ Աղթամարի պատմական Ս. Խաչ եկեղեցւոյ վերանորոգութեամբ պահպանուիլը, որ բոլորիս ուրախութիւն առթած էր, ցուցիչն է պատկան իշխանութեան ջանքերուն։ Ծանօթ ենք, թէ մեր պետութիւնը ասոր նման աղօթատեղիներու պահպանման համար աշխատութիւններ կը տանի։

Հաւատացեալներու հաւատքի լումաներով կառուցուած եւ հիմքերուն մէջ աղօթք շաղախուած եկեղեցիները, ինչ պայմաններու ներքեւ ալ գտնուին, ըստ մեր հաւատքին, կը շարունակեն պահել իրենց աղօթատեղի ըլլալու հանգամանքը։ Հետեւաբար, բոլորիս համար աւելի ցաւառիթ է, երբ եկեղեցւոյ շէնքերը որպէս ապրանք կ՚ընկալուին եւ որոշ անձանց կողմէ կը գործածուին որպէս եկամուտի աղբիւր։

Եկեղեցւոյ շէնքերու համալիրները, հրովարտակներու մէջ նշուած ձեւով իրենց բուն նպատակին ծառայելով գործածութիւնը կ՚ընկալուի որպէս ուրախառիթ պարագայ։ Այս ուղղութեամբ կը հաւատանք նաեւ, թէ տեղին կ՚ըլլայ անգործածելի մնացած եկեղեցեաց շէնքերուն որպէս պետական սեպհականութիւն իրենց ներկայ վիճակին մէջ պահպանուիլը, որ ամէն բանէ առաջ պիտի ընկալուի որպէս մեր երկրին պատկանող մշակութային հարստութեան մը պահպանումը։ Նկատի ունենալով սոյն պարագան, ցուցաբերելի զգայնութեամբ ի դերեւ պիտի ելլեն մեր երկրի նկատմամբ ժխտական արտայայտութիւններ ունեցողներու ջանքերը։ 

Հինգշաբթի, Յունուար 21, 2021