ՇԻՇԼԻԻ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ Կ՚ԸՆԹԱՆԱՅ ԹԱՓՈՎ

Շիշլի մարզակումբը առանց կաղացումի յառաջ կը տանի իր գործունէութիւնը՝ հակառակ համավարակի պայմաններուն։ Վոլէյպոլի, պասքեթպոլի, փինկ-փոնկի, ֆութսալի եւ ճատրակի կազմերը կը շարունակեն իրենց կանոնաւոր պարապմունքները։ Այս տարի երկու նոր մարզաձեւ եւս աւելցած է ակումբի գործունէութեան վրայ՝ թենիս եւ մարմնամարզ։ Շիշլիի վարչութիւնը բուն մարզական գործունէութիւնները կայուն թափով յառաջ տանելու առընթեր, միշտ կը կարեւորէ նաեւ մանկապատանեկան ծրագրերը, որոնք ընկերային գետնի վրայ ձգողականութիւն կ՚ապահովեն ակումբին։ Այս ծիրէն ներս, յառաջիկայ ամսուայ երկրորդ կէսին շիշլիցիները պիտի կազմակերպեն «Հատօ»ն։

Ուրբաթ, Յունուար 21, 2022