ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ

Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանը նախընթաց օր տուն դարձաւ Բարեկենդանի խրախճանքներու: Վարժարանի տնօրէնութիւնը յարմար տեսած էր Մեծ պահքի շրջանէն առաջ պատշաճ կերպով տօնախմբել այս յատուկ տօնը:

Այսպէս՝ հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ մանկապարտէզի փոքրիկներուն տողանցքով: Գոյնզգոյն հանդերձաւորուած ու ծպտուած մանուկները նախ լապտերներ ի ձեռին շրջեցան ամբողջ վարժարանը: Հարկ է նշել, թէ տարազներու, դիմակներու այլազանութեան եւ գեղեցկութեան տեսակէտէ կարծէք, թէ փոքրիկները կը մրցէին իրարու հետ: Մնալով հաւատարիմ Բարեկենդանի զուարթ ոգիին՝ տղաքը կը պարզէին շատ գեղեցիկ եւ գունաւոր տեսարան մը: Անոնց այս գեղեցիկ տողանցքը մեծ ոգեւորութիւն եւ հիացում յառաջ բերաւ վարժարանի իրենց մեծ եղբայրներուն եւ քոյրիկներուն մօտ: Յետոյ տղաքը մէկտեղուեցան վարժարանի հանդիսասրահին մէջ, ուր անոնք հանդէս եկան Բարեկենդանի յատուկ երգերով եւ արտասանութիւններով: Անոնք երգեցին, պարեցին, ցատկեցին, ցատկռտեցին եւ Արման Քէօսէի մականին ներքեւ կուշտ ու կուռ զուարճացան: Մինչ այդ համտեսեցին Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեանի կողմէ իրենց բաժնուած շաքարեղէնները:

Կէսօրէ ետք այս հեղ սրահը տրամադրուեցաւ նախակրթութեան աշակերտներուն, որոնք նոյնպէս գեղեցկօրէն զգեստաւորուած էին ու կը կրէին իրինց կողմէ պատրաստուած ու ներկուած դիմակները: Անոնք դասարանի ուսուցչուհիներու առաջնորդութեամբ համախմբուեցան վարժարանի հանդիսասրահին մէջ, ուր իրենց կը սպասէր զուարճութեան ճոխ յայտագիր մը: Անոնք ալ իրենց բաժինը ստացան Արման Քէօսէի եզակի խաղերէն եւ հնարքներէն: Արման Քէօսէի մականին ներքեւ զանազան խաղերով, երգ ու երաժշտութեամբ եւ կերուխումով անոնք ալ ապրեցան եւ ապրեցուցին Բարեկենդանի զուարթ ոգին:

Այսպէս՝ Մեծ պահքի քառասնօրեայ շրջանի նախօրէին Մխիթարեան վարժարանի աշակերտները տօնախմբութիւններով լիուլի վայելեցին Բարեկենդանի բարի կենդանութիւնն ու բարիքները:

Ուրբաթ, Փետրուար 21, 2020