ԱՐԻՍ ՏԻԳՐԱՆ ՆՇԱՆԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Էսաեան վարժարանի աշակերտներէն Արիս Տիգրան Նշան վերջերս առաջնութիւն նուաճած է միջվարժարանային ուսողութեան մրցոյթի մը մէջ։ Այսպէս, ան մասնակցութիւն բերած է «Mathletic 2020» մրցոյթին, որ կազմակերպուած է «Mektebim» կրթական հաստատութիւններուն կողմէ։ Մրցոյթի առաջին իսկ փուլին ան բոլոր հարցումներուն ճիշդ պատասխանելով առաջինը հանդիսացած է 8 հազար մրցակիցներու շարքին։ Այս յաջողութիւնը մեծ ուրախութիւն պատճառած է դափնեկիր աշակերտի դասընկերներուն, ուսուցիչներուն եւ Էսաեան վարժարանի ամբողջ ընտանիքին։

Այս առթիւ մենք եւս ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Արիս Տիգրան Նշանը, որուն կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ։ Նոյն առթիւ մեր խնդակցութիւնները իր ծնողքին՝ Էօզճան-Մարգրիտ Նշան ամոլին։

Շաբաթ, Մարտ 21, 2020