ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆՑԻ ՍԱՆԵՐ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ ՎԵՆԵՏԻԿԻ ՊԻԷՆԱԼԻՆ

Գա­րա­կէօ­զեան վար­ժա­րա­նէն խումբ մը սա­ներ ե­րէկ մեկ­նե­ցան Ի­տա­լիա՝ մաս­նակ­ցե­լու հա­մար Վե­նե­տի­կի պիէ­նա­լին, որ այս տա­րի կը կազ­մա­կեր­պուի 56-րդ ան­գամ։ Վար­ժա­րա­նի փոխ-տնօ­րէ­նու­հի Նա­րօտ Քու­րու­ղօղ­լուի ու­ղեկ­ցու­թեամբ, Վե­նե­տիկ մեկ­նե­ցան՝ Ա­ռէն Տէ­միր­ճի, Ա­պայ Թէք­քոլ, Հե­լին Մեն­թե­շէ եւ Քար­լա Տէ­միր­ճի։

21-24 Ապ­րիլ թուա­կան­նե­րուն գա­րա­կէօ­զեան­ցի սա­նե­րը պիէ­նա­լի Թուր­քիոյ տա­ղա­ւա­րին մէջ պի­տի միա­նան յայտ­նի ա­րուես­տա­գէտ Սար­գիս Զա­պու­նեա­նին, ո­րու ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը պի­տի ներ­կա­յացուին այն­տեղ։

Գա­րա­կէօ­զեան­ցի ա­շա­կերտ­նե­րը այս ու­ղե­ւո­րու­թեան ըն­թաց­քին կը հիւ­րըն­կա­լուին Իս­թան­պու­լի Մշա­կոյ­թի եւ ա­րուես­տի հիմ­նար­կին կող­մէ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 21, 2015