ՍԱՀԱԿԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՄԱՆՏՈԼԻՆԻ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՄԵՐԳ

Սամաթիոյ Սահակեան սանուց միութեան մէջ տեղի ունեցաւ մանտոլինի համերգ մը, որով ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ։ Մեր համայնքի մշակութասէր անդամներէն Աւետիս Արզուման 14 տարիէ ի վեր կ՚իրականացնէ մանտոլինի դասեր եւ մեր երիտասարդները հաղորդ կը դարձնէ երաժշտական մշակոյթին։ Այս վերջին համերգի ընթացքին ալ հանդէս եկան Աւետիս Արզումանի մանտոլինի դասընթացքներուն հետեւող աշակերտներ։ Շուրջ յիսուն փոքրիկներ եւ պատանիներ նուագեցին մանտոլինով զանազան կտորներ՝ որքան որ անշուշտ յաջողած էին ընտելանալ այդ նուագարանի ուղղութեամբ։ Երաժշտահանդէսի աւարտին սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին ներկաները ջերմօրէն շնորհաւորեցին Աւետիս Արզումանն ու իր սաները, որոնց մաղթեցին յարատեւութիւն։

Շաբաթ, Ապրիլ 21, 2018