ՄԿՐՏՈՒԹԻՒՆ

Փոքրիկն Վանենի Տէյիրմենճեան մկրտուած 19 ապրիլ 2021 Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ ձեռամբ՝ Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Գույումճեանի կնքահայրութեամբ՝ Տէր եւ Տիկին Վարդան-Արշալոյս Պալմումճեանի։

Այս ուրախ առթիւ երկար կեանք եւ փայլուն ապագայ մը կը մաղթենք նորոգ մկրտեալ սիրասուն փոքրիկն Վանենիին, որպէսզի միշտ ապրի անամպ երկնքի տակ։ Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք իր երջանիկ ծնողքը՝ մեր սիրելի գործընկեր ու բարեկամ Սեւան-Մելիս Տէյիրմենճեան ամոլը՝ մաղթելով, որ ընտանեկան յարկէն չպակսի բարձր տրամադրութիւնը։ Նոյն առթիւ մեր խնդակցութիւնները՝ Տիկին Մարի Տէյիրմենճեանին, Օրիորդ Անի Տէյիրմենճեանին, Մորպոյաճը ազնուաշուք ընտանիքին, նաեւ մեր սիրելի բարեկամներ՝ Վարդան-Արշալոյս Պալմումճեաններուն։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 21, 2021