Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՍԱՐԸԵՐԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱՐԱՆ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ Սարըերի քաղաքապետ Շիւքրիւ Կենճի հետ։ Հարկ է նշել, որ Սարըերի քաղաքապետարանը վերջերս փոխադրուած է Մասլաք՝ տեղակայուելով նորակառոյց համալիրի մը մէջ։ Այդ համալիրի պաշտօնական բացումն ալ տեղի ունեցած է մօտաւոր անցեալին։ Նորին սրբազնութիւնը նորակառոյց քաղաքապետարանէն ներս արդիւնաւէտ աշխատանք մաղթեց Շիւքրիւ Կենճին։ Սիրալիր զրոյցէն վերջ ընդհանուր փոխանորդը Պատրիարքական Աթոռի հաւաքածոներուն մասին երկու հատոր նուիրեց քաղաքապետարանի գրադարանին։

Իր կարգին, Շիւքրիւ Կենճն ալ ուրախութիւն յայտնեց այս այցելութեան կապակցութեամբ եւ ընդգծեց, որ քաղաքապետարանը պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը՝ անխտիր ծառայութիւն մատուցելու սկզբունքով։  

Երկուշաբթի, Մայիս 21, 2018