ՊԷԶՃԵԱՆ ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ՏՕՆ

Պէզճեան Մայր վարժարանի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ առաջին դասարանի փոքրիկներու ընթերցման տօնը։ Հանդէսը մեծ խանդավառութեան առիթ դարձաւ դպրոցէն ներս։ Ինչպէս առաջին դասարանի փոքրիկները, այնպէս ալ անոնց ծնողները խանդավառութեամբ կը սպասէին այս հանդէսին։ Ձեռնարկի ընթացքին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Մայր վարժարանի տնօրէնուհի Թալին Նայիր։ Դասարանի ուսուցչուհի Անի Քարասապանն ալ արտայայտուեցաւ՝ շեշտելով, որ հպարտ էր իր աշակերտներով։ Հանդէսի տեւողութեան տղաքը իրենց բազմաբնոյթ ելոյթներով արժանացան ջերմ ծափահարութիւններու։

Դպրոցէն ուղարկուած լուսանկարին մէջ առաջին դասարանի փոքրիկները կ՚երեւին իրենց ծնողներուն, տնօրէնուհիին եւ ուսուցչուհիներուն հետ։

Երեքշաբթի, Մայիս 21, 2019