ՍՈՒՐ ԴԻՐՔԱՒՈՐՈՒՄՆԵՐ

Էսաեան վարժարանի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշանի եւ միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթեփէի պաշտօնազրկման որոշումը կը շարունակէ բնորոշել թրքահայութեան օրակարգը։ Համայնքային շրջանակներէ ներս սկիզբ առած բողոքի ալիքը կը շարունակէ, մինչ սուր դիրքաւորումներ կը նկատուին զանազան հարթութիւններու վրայ։ Այս մթնոլորտին մէջ, Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդն ալ հանդէս եկաւ պաշտօնական յայտարարութիւնով մը։ Երէկ Սիմոն Չեքէմի ստորագրութեամբ հրապարակուած այս յայտարարութեան մէջ աւելի ուշ կատարուեցան շարք մը փոփոխութիւններ։ Յարակից սիւնակներուն մէջ այսօր հրատարակուած է այդ յայտարարութեան վերջնական տարբերակը։ Տնօրէններու պաշտօնազրկման որոշումը առած Պէյօղլուի թաղային խորհուրդին դէմ ցասումը կը շարունակուի։ Իսկ պաշտօնական յայտարարութիւնը կը ցոլացնէ վիճակագրական տուեալներ, որոնք հիմք ծառայած են թաղային խորհուրդի տնօրինութեան։ Յայտարարութեան մէջ կարեւոր ակնարկութիւններ կան նաեւ մեր կրթական համակարգի պարագային կարգ մը շրջանակներու կողմէ նախատեսուած քայլերուն կապակցութեամբ։

Միւս կողմէ, Էսաեան վարժարանի բազմամեայ տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշանի պաշտօնազրկման որոշումին դէմ համայնքային շրջանակներէ ներս ստեղծուած անհանգստութեան մթնոլորտին մէջ, դպրոցի խումբ մը սաներ, երէկ կէսօրուան ժամերուն զօրակցութեան այցելութեան մը փութացին իրենց տնօրէնուհիին։ Տղաքը համախմբուեցան Սաթենիկ Նշանի բնակարանի փողոցին մէջ՝ վերահաստատելով իրենց յարգանքը բազմամեայ կրթական մշակին նկատմամբ ու հերթական անգամ տարակուսանք յայտնելով անոր պաշտօնազրկման որոշման դէմ։ Սաթենիկ Նշանն ալ յարկաբաժնէն վար իջնելով միացաւ աշակերտներուն, որոնք ծաղկեփունջ մը յանձնեցին իրեն։ Բազմամեայ տնօրէնուհին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին եւ անոնց խօսք ուղղեց՝ շինիչ ու պաղարիւն պատգամներով։ Ան յայտնեց, որ նման վերիվայրումները կու գան ու կ՚անցնին եւ իր տեսակէտէ միշտ առաջնահերթ եղած է նոր սերունդի լաւ հասնիլը, մեր երիտասարդներուն յաջողութիւնը։

Էսաեանցի սաները նման այցելութիւն մըն ալ տուին Առլին Եշիլթեփէի բնակարանը։ Երկու այցելութիւններուն ընթացքին ալ աշակերտներուն ուղեկցեցան դպրոցի ուսուցչուհիներէն Անժէլ Եէլէկէն եւ Սէրլի Պոյաճեան-Էրտինչ։ Անոնց միացած էին նաեւ խումբ մը ծնողներ։ 

Ինչպէս ծանօթ է, Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը անցեալ շաբաթավերջին որոշած էր յառաջիկայ օգոստոսի դրութեամբ Էսաեան վարժարանի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշանի եւ միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթեփէի պաշտօնը դադրեցնել։ Համապատասխան պաշտօնական զեկուցումները ուղարկուած են անոնց։

Այս իրադարձութենէն վերջ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան Արքեպիսկոպոս Մաշալեանի միջամտութեամբ ստեղծուած էր երկխօսութեան գետին մը։ Յառաջիկային կը նախատեսուի Պատրիարքարանի մէջ ժամադրութեան մը կազմակերպումը։ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր գլխաւորութեամբ, ստեղծուած իրավիճակը պիտի քննարկուի տնօրէնուհիներ՝ Սաթենիկ Նշանի, Առլին Եշիլթեփէի եւ Պէյօղլուի Սուրբ Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ իրաւաբան Սիմոն Չեքէմի մասնակցութեամբ։ 

Հինգշաբթի, Մայիս 21, 2020