«ԱՆԺԱՄԱՆԱԿ» ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Մեր համայնքի արժէքաւոր արուեստագէտներէն Գրիգոր Սահակօղլու արդէն պատրաստ է իր նոր անհատական ցուցահանդէսը բանալու։ «Անժամանակ» կը կոչուի այս ցուցահանդէսը, որ պիտի սկսի 25 մայիսին ու բաց պիտի մնայ մինչեւ 11 յունիս։ «GALERİ 77»ի երդիքին տակ տեղի պիտի ունենայ ցուցահանդէսը, որ նոյնաժամանակ հասանելի պիտի ըլլայ նոյն գեղարուեստասրահի «YouTube»ի հաշիւին վրայ։

«Անժամանակ» ցուցահանդէսը ի մի կը հաւաքէ Գրիգոր Սահակօղլուի՝ վերջին շրջանին տեղծագործուած աւելի քան 35 գործերը, որոնցմով ան ձգտած է հարցաքննել ժամանակի եւ տարածութեան յարաբերութիւնը։ Այդ ամբողջին մէջ հեղինակը անցեալի եւ ապագայի արանքին դիրքաւորած է ինքզինքը՝ որոնելով պատասխանը այն հարցումին, թէ արդեօք ժամանակը ունի՞ մարդու իմացականութենէն անկախ իրականութիւն մը։ Բաց աստի, ան ուշադրութիւն կեդրոնացուցած է, թէ տարածութիւնը, վայրը ինչպէ՛ս կը ներգործէ մարդու պատկանելիութեան հասկացութեան, սահմանումին վրայ։

Գրիգոր Սահակօղլուի այս ստեղծագործութիւնները կը հիւրընկալուին յատկանշական միջավայրի մէջ։ Արդարեւ, «GALERİ 77»ի Գարագիւղի ցուցադրասրահը տեղակայուած է 200 տարուան շէնքի մը մէջ, որ անցեալին օգտագործուած է՝ որպէս գինիի շտեմարան։ Գրիգոր Սահակօղլուի այս ցուցահանդէսէն վերջ հիմնական վերանորոգութեան մը պիտի ենթարկուի ցուցադրասրահը։

Ցուցադրասրահին մէջ Գրիգոր Սահակօղլու հետապնդած է այցելուներու շփումը ապահովել մէկէ աւելի ժամանակի եւ տարածութեան հետ։ «Սերունդներ շարունակ մեր գիտցած միակ ճշմարտութիւնը այն է, որ մեր տեսած դէմքերու շարքին ամենանուազ ճանչցուածը սեփական դէմքն է». թէ՛ ստեղծագործական եւ թէ մատուցման տեսակէտէ սկզբունքի վերածուած այս բանաձեւումով առաջնորդուած են Սահակօղլուի այս նոր ցուցահանդէսի կազմակերպչական աշխատանքները։  

Ուրբաթ, Մայիս 21, 2021