ՇՈՒԷՏԻ ԱՒԱԳ ՀԻՒՊԱՏՈՍԸ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ ԱՅՑԵԼԵՑ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Իսթանպուլի մօտ Շուէտի աւագ հիւպատոս Ճոհաննա Սթրէօմքուիստը, որուն կ՚ընկերանար քաղաքիս Շուէտական հետազօտական կաճառի վարիչ Օլոֆ Հելլօ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ողջունեց հիւրերուն այցելութիւնը եւ անոնց փափաքին ընդառաջ՝ տեղեկութիւններ տուաւ Պատրիարքական Աթոռի առաքելութեան ու գործունէութեան, թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի ընդհանուր ընթացքին շուրջ։ Նորին Ամենապատուութիւնը անդրադարձաւ նաեւ քաղաքիս միջեկեղեցական բարւոք յարաբերութիւններուն։

Զրոյցի աւարտին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ու աւագ հիւպատոսը՝ որպէս յուշանուէր, փոխանակեցին գիրքեր։

Երեքշաբթի, Մայիս 21, 2024