ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՊԷԶՃԵԱՆ ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԷՍԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՒ

Պէզճեան Մայր վարժարանի 2018-2019 շրջանի հունձքին համար երէկ երեկոյեան հրաժեշտի հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ Գումգաբուի համանուն սրահին մէջ։ Երեկոյթը պատուեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էր Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան։ Շրջանաւարտներու եւ անոնց ծնողներու ուրախութիւնը բաժնելու փութացած էին Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան եւ իր գործակից ընկերները, Պէզճեան սանուց միութեան վարչայինները եւ Գումգաբուի ընտանիքէն այլ պատասխանատուներ։ Մայր վարժարանը այս տարի ունի 11 շրջանաւարտ։ Երեկոյթի յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Ժպիտ Պետիկի եւ Սելինա Տեստիճիի։ Յանուն շրջանաւարտներուն արտայայտուեցան Ալեքս Տեմիրճի, Լիանա Եըլտըրըմ եւ Աշոտ Փիրումեան։ Երաժշտութեան ուսուցիչ Մուրատ Իչլինալչայի մականին ներքեւ տղաքը հանդէս եկան խմբերգներով։ Տնօրէնուհի Թալին Նայիր եւ փոխ-տնօրէնուհի Ահմէտ Պալթա շնորհաւորութեան խօսքեր ուղղեցին աշակերտներուն, որոնց համար պատրաստուած էին նաեւ յուշանուէրներ։ Մինչ շրջանաւարտները ծափահարութիւններու արժանացան իրենց ելոյթներով, իրենց համար պատրաստուած կարկանդակն ալ հատեցին խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։

Ուրբաթ, Յունիս 21, 2019