ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի հրաւէրով Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն մը՝ Կեդրոնական վարժարանի ընդհանուր կացութեան շուրջ։ Պատրիարքարանի աղբիւրներուն կողմէ «Երկխօսութեան հանդիպում» որակուած է այս մէկը, որու ընթացքին նորին սրբազնութեան կողքին էին դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան։ Հանդիպման մասնակցեցան Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, որու կողքին էին փոխ-ատենապետ Հերման Պալեան եւ Գէորգ Ներկիզ։ Միւս մասնակիցներն էին՝ Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլու, որուն կ՚ընկերանային Վարդավառ Ճաւաք, Մինաս Գափուսուզ, Վաղարշակ Պիւյիւքսիմքէշեան, ինչպէս նաեւ հաստատութեան սաներէն յայտնի համայնքային բարերար Հայկ Ասլանեան, որ կը գլխաւորէ սիրոյ սեղանի կարգադիր յանձնախումբը։

Պետրոս Շիրինօղլու վերջերս Կեդրոնական վարժարանի հասցէին կարգ մը պնդումներով եւ քննադատութիւններով հանդէս եկած էր, ինչ որ ընդհանուր անհանգստութեան պատճառ դարձած էր համայնքային կեանքէ ներս, ընկերային ցանցերու վրայ ստեղծուած փոթորիկով մը հանդերձ։ Այսպէս, 10 սեպտեմբերին, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ ան ունեցած էր այդ ելոյթը։ Սահակեան-Նունեան վարժարանի տարեկան սիրոյ սեղանի ընդառաջ սարքուած ընթրիքի սեղանին շուրջ ան մէջբերած էր իրեն հասած շարք մը լսումներ կամ տուեալներ, ըստ որոնց Կեդրոնական վարժարանէն կը հասնէին «միլիթան»ներ։ Ան յայտնած էր նաեւ, որ դպրոցի շէնքը անապահով կը համարուի երկրաշարժի վտանգի դէմ։ Այս բոլորով պայմանաւորուած ալեկոծումներու մթնոլորտին մէջ կազմակերպուած էր երէկուան խորհրդակցութիւնը։

Հանդիպման սկիզբին նորին սրբազնութիւնը հանդէս եկաւ հակիրճ խօսքով մը, որու ընթացքին ամփոփեց համապատասխան իրադարձութիւնները։ Աւելի վերջ խօսք առաւ Պետրոս Շիրինօղլու, որ պարզաբանեց, թէ ինչ իմաստ վերագրած էր «միլիթան» բառին։ Ըստ իրեն, ինք փափաքած էր այդ բառով մատնանշել՝ իր դատին հաւատացած եւ ըստ այդմ գործօն ձեւով պայքարող անձը։ Շիրինօղլու շեշտեց, որ իր խօսքերը մամլոյ կարգ մը սպասաւորներու եւ ընկերային հարթակներու վրայ չափազանցուելով խեղաթիւրուած էին։ Մինչդեռ, իր նպատակն էր գերադասել շահը վարժարանի մը եւ այս առումով ընդգծած էր նիւթ մը, որուն վրայ պէտք է ծանրանալ անյապաղ։ Շիրինօղլու ընդգծեց, որ իր խօսքերուն հիմք ծառայած էին այն տեղեկութիւնները, որոնք իրեն հասած էին վարժարանի կարգ մը աշակերտներու ընտանիքներէն եւ պաշտօնական մարմիններէն։

Շիրինօղլուէն վերջ արտայայտուեցաւ Յարութիւն Էպէօղլու։ Այս վերջինը շեշտեց, որ երբեք չեն կասկածիր Պետրոս Շիրինօղլուի անկեղծութենէն եւ դպրոցին օգտակար հանդիսանալու պատրաստակամութենէն։ Բայց եւ այնպէս, «միլիթան» բառը անհանգստութիւն պատճառած է դպրոցի վարիչներուն, ուսուցչական կազմին, շրջանաւարտներուն եւ ծնողներուն՝ իբր նպատակը գերազանցած տխուր արտայայտութիւն։ Յարութիւն Էպէօղլու դիտել տուաւ, որ երբեք չեն ընդունիր Պետրոս Շիրինօղլուի հասցէին այն չափազանցուած մեղադրանքները, որոնք հեռու են հակակշիռէ։ Ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլու շեշտեց նաեւ, որ նման զգայուն նիւթերը պէտք է արծարծուին յատուկ միջավայրերու մէջ։

Վարժարանի շէնքի երկրաշարժի դէմ տոկունութեան հարցը եւս բոլոր ներկաներու զգայնութեան եւ ուշադրութեան առարկայ դարձաւ եւ որոշուեցաւ ձեռնարկել անհրաժեշտ աշխատանքներու։

Խորհրդակցութեան աւարտին մասնակիցները այս նախաձեռնութեան համար շնորհակալութիւն յայտնեցին Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանին։ Բոլորն ալ շեշտեցին երկխօսութեան կարեւորութիւնը ու մաղթեցին, որ յարատեւ ըլլան նման մէկտեղումները։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 21, 2019