ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՄՏԵՐՄԻԿ ՀԱՒԱՔՈՅԹ

Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ ոգեւոր հաւաքոյթ մը։ Սա թէեւ անմիջական շրջանակի համար նախատեսուած երեկոյթ մըն էր, սակայն Գատըգիւղի ընտանիքին տեսակէտէ ունէր զգացական նշանակութիւն։ Այսպէս, լրագրող եւ հասարակական գործիչ Սեւան Աթաօղլուի ծննդեան 50-ամեակը մտերմիկ ձեւով նշուեցաւ միութեան երդիքին տակ։ Նկատի ունենալով, որ Սեւան Աթաօղլու ներկայիս միեւնոյն ժամանակ Արամեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետն է՝ իր յոբելեանի նշման համար անոր հաւաքատեղին բնական հասցէ մըն է։ Աթաօղլուի ընտանիքն ու գործակից ընկերները իրեն հաճելի անակնկալ մը մատուցին՝ 50-ամեակի առթիւ կազմակերպելով մասնաւոր երեկոյթ մը։

Սեւան Աթաօղլու այս առթիւ ջերմօրէն շրջապատուեցաւ իր ընտանիքին եւ բարեկամական շրջանակին կողմէ։ Բոլորը անոր յղեցին բարեմաղթանքներ եւ իր ապագայ գործունէութեան համար յաջողութիւններ։

Սեւան Աթաօղլու անուն մըն է, որ մեր համայնքային մամուլին ալ կը բերէ իր նպաստը, ուստի մենք եւս կը շնորհաւորենք իր 50-ամեակը՝ մաղթելով երկար ու երջանիկ տարիներ սիրելիներուն հետ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2019