ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ ՄԱՐՏԻՆԻ ՄԷՋ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան անցեալ շաբաթավերջին օդային ճամբով մեկնեցաւ Մարտին՝ ուղեկցութեամբ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի։ Նորին սրբազնութիւնը նոյն իրիկուն ներկայ գտնուեցաւ ընթրիքի սեղանի մը, միւս եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն եւ պետական աւագանիին հետ։

Իսկ երէկ առաւօտ Ասորւոց Տէյր իւլ Զաֆերան վանքին մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, որուն ներկայ գտնուեցան եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ եւ պետական աւագանին։ Այս յատուկ արարողութեան նպատակն էր զօրավիգ կանգնիլ «Խաղաղութեան ակ» ռազմական միջամտութեան ու աղօթել վասն խաղաղութեան։ Ներկաներու շարքին էին Մարտինի կուսակալ Մուսթաֆա Եաման, միւֆթի Իսմայիլ Չիչէք, ապահովութեան տնօրէն Հաքան Չեթինքայա, Ասորի եկեղեցւոյ Իսթանպուլի մետրապոլիտ Մոր Ֆիլուքսինոս Եուսուֆ Չեթին, Մարտինի մետրապոլիտ Սալիպա Էօզմէն, Թուրապտինի (Միտյաթի տարածքաշրջան) մետրապոլիտ Տիմոթէոս Սամուէլ Աքթաշ, Ատըեամանի մետրապոլիտ Մելքի Իւրէք, Ասորի Կաթոլիկ համայնքի պատրիարքական փոխանորդ Օրհան Չանլը, Յունաց Ն.Ս.Տ. Պարթողոմէոս Ա. Պատրիարքի ներկայացուցիչը, Հրէից խախամապետարանի դիւանապետ Եուսուֆ Ալթընթաշ։

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւս ուղարկած էր պատգամ մը, որ կարդացուեցաւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի կողմէ։ Ապա, հրէից խախամապետը տեսերիզով փոխանցեց իր պատգամը։ Արտայայտուեցաւ նաեւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Բոլոր պատգամներուն մէջ շեշտը կը դրուէր խաղաղութեան հաստատման կարեւորութեան վրայ։ Անոնք մատնանշեցին նաեւ, թէ «Խաղաղութեան ակ» ռազմական միջամտութեամբ շրջանի մէջ արդարութիւնն ու խաղաղութիւնը պիտի հաստատուի։

Արարողութեանց աւարտին ներկաներ հիւրասիրուեցան ճաշասեղանի մը շուրջ, ապա շրջեցան Մարտինի թանգարանը։

Տեղապահ սրբազան հայրը նոյն գիշեր վերադարձաւ Իսթանպուլ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2019