ՏՕՆԱԿԱՆ ՄԹՆՈԼՈՐՏ

Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլու երէկ երեկոյեան ընթրիքով մը մեծարեց քաղաքիս քրիստոնեայ յարանուանութիւններու ներկայացուցիչները։ Քաղաքապետարանի «Հաւատներու սեղան»ին կողմէ համակարգուած էին այս երեկոյթի կազմակերպչական աշխատանքները։ Մօտալուտ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ կազմակերպուած ընթրիքին ներկայ գտնուեցան քաղաքիս քրիստոնեայ յարանուանութիւններու ինչպէս հոգեւոր առաջնորդները, այնպէս ալ աշխարհականներու շրջանակներէն գործիչներ։ Ընթրիքի մասնակիցներու շարքին էին Իսթանպուլի զանազան շրջաններէ քաղաքապետներ, գլխաւոր քաղաքապետարանէն պատասխանատուներ, դիւանագիտական ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Հաթայի գլխաւոր քաղաքապետ Լիւթֆիւ Սավաշ։ Այս վերջնոյն պարագային Իմամօղլու ընդգծեց, որ Հաթայ քաղաքը հաւատներու, կրօններու եւ դաւանանքներու միասնականութեան տեսակէտէ կարեւոր կեդրոն մը կը համարուի Թուրքիոյ պարագային, ուստի ողջունելի համարեց գլխաւոր քաղաքապետին ներկայութիւնը։

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանն ալ հրաւիրուած էր երեկոյթին, որու ընթացքին ունեցաւ ելոյթ մը։ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան եւ Հայ աւետարանական եկեղեցիէն վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլուն ալ ներկայ գտնուեցան ձեռնարկին, ինչպէս այլ բազմաթիւ հոգեւորականներ։ Մեր համայնքային շրջանակներու ներկայացուցիչները մեծամասնութիւն կազմեցին հրաւիրեալներու շարքին. օրինակ՝ վաքըֆներու վարիչներ, հասարակական գործիչներ, կրթական մշակներ, մամլոյ սպասաւորներ եւ այլն։

Քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլու իր ելոյթին մէջ տուաւ դրական պատգամներ։ Կանգ առնելով բազմամշակոյթ միջավայրի մէջ համակեցութեան կարեւորութեան վրայ՝ ան Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ ջերմ տօնական շնորհաւորութիւններ յղեց քաղաքիս փոքրամասնութիւններուն։

Երեկոյթի ընթացքին գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր։ Այս ծիրին մէջ շատ յաջող ելոյթով մը հանդէս եկաւ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբը։ Խմբավար Ատրուշան Հալաճեանի մականին ներքեւ կատարումները արժանացան ներկաներու ջերմ ծափահարութիւններուն։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2021