ՌԵՆԱ ԼՈՒՍԻՆ ՊԻԹՄԷԶ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանը, վերջերս, պատիւն ունեցաւ իր երդիքին տակ հիւրընկալելու յայտնի բեմադրիչ Ռենա Լուսին Պիթմէզը եւ իր վերջին ժապաւէնին երկու շնորհալի հերոսուհիները՝ Ռուզաննա Պապայեանը եւ Յասմիկ Վարդերեսեանը:

Մխիթարեանի միջնակարգի եւ լիկէոնի աշակերտները հաւաքուեցան վարժարանի հանդիսասրահին մէջ, ուր ներկայ էին նաեւ վարժարանի տնօրէնութիւնը, ուսուցչաց կազմը եւ Մատակարար մարմնէն ներկայացուցիչներ:

Հաւաքոյթը սկիզբ առաւ Մխիթարեան վարժարանի Ժ. դասարանէն երկու աշակերտներու՝ Թալիա Քեշիշի եւ Աքսել Ուղուրի ներկաներու ուղղեալ ողջոյնի խօսքով: Անոնք հակիրճ տողերով ներկաներուն ծանօթացուցին Ռենա Լուսին Պիթմէզը եւ բացատրութիւններ տուին անոր վերջին գործին մասին: Վերջերս Ռենա Լուսին Պիթմէզ շարժանկարի ոլորտէ ներս դարձաւ յայտնութիւն մը: Ան իր անունը լսելի դարձուց «Աստուած գաղթական տղաքը կը սիրէ՞, մայրի՛կ» (Tanrı Göçmen Çocukları Sever Mi Anne?) անուն իր վաւերագրական ժապաւէնով:

Թալիա Քեշիշի եւ Աքսել Ուղուրի ծանօթացումէն ետք տեղի ունեցաւ Ռենա Լուսին Պիթմէզի այս տպաւորիչ գործին ցուցադրութիւնը: Իր այս ուրոյն գործով Ռենա Լուսին Պիթմէզ լուսարձակի տակ կ՚առնէ Թորքիոյ մէջ գաղթականի կարգավիճակով եւ մեծամասնութեամբ առժամեայ կերպով բնակութիւն հաստատած հայաստանցիներուն բաւական դժուար, բայց նոյնքան ալ իրենց ինքնութեան, հաւատքին եւ բարոյական արժէքներուն սերտօրէն փարած կեանքը: Եւ այս մէկն ալ կ՚ընէ մասնաւորաբար դպչելով մանուկներու կեանքին: Կեանք մը, որ մեծաւ մասամբ կ՚անցնի Գումգաբուի հնօրեայ տուներու, տան սենեակներու, պատշգամներու եւ Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի միջեւ: Փոքրիկները այդ տուներուն մէջ կը յաջողին հնարել իրենց խաղերը, կը կատարեն իրենց բաժին ինկած տան պարտականութիւնները, ինչպէս՝ սուրճ եփել, մաքրութիւն ընել, փոքրիկ քոյր եւ եղբայրներուն վրայ հսկել եւ այս բոլորը կատարել առանց տրտնջալու, առանց գանգատելու, քանի որ ծնողները եւ մասնաւորաբար մայրիկները ստիպուած են դուրսը աշխատելու՝ ընտանիքին, իրենց զաւակներուն ապրուստը հոգալու համար: Մէկ կողմէ ալ անոնք կ՚ապրին իրենց սիրելիներէն, իրենց հարազատներէն հեռու ըլլալու դառն կսկիծը: Կարօտը կը կրծէ գրեթէ բոլորին սրտերը: Նաեւ սա ալ կայ որ այդ տուներուն մէջ կեանքը հասարակաց է: Հասարակաց է սա առումով՝ որ քանի մը ընտանիք կը բաժնէ միեւնոյն տան սենեակները եւ տան մէջ բոլորին կը վիճակի տարբեր պարտականութիւն մը: «Հիմա մէկդի դնենք մեր եսը եւ ըլլանք մենք»՝ սա է ժապաւէնին կարգախօսը, զոր կը լսենք փոքրիկն Յասմիկի մօր բերնէն:

Նկարահանումներու ընթացքին Ռենա Լուսին Պիթմէզ վարպետօրէն գործածած է իր տեսախցիկը եւ ձերբակալած՝ այդ հասարակաց կեանքէն դիպուկ դրուագներ, սրտառուչ պատկերներ: Առարկայական մօտեցումով մը բեմադրիչը կը ցոլացնէ Գումգաբուի նեղլիկ փողոցները, աղքատիկ կեանքը, առանց սակայն դոյզն իսկ կեղեքելու հանդիսատեսին զգացումները: Ընդհանուր առմամբ ժապաւէնին մէջ տիրողն է զուարթ մթնոլորտը, չէ՞ որ մանուկներն են անոր հերոսները եւ մանուկներն ալ միշտ գիտեն կեանքը վերածել դրականի, բարիի:

Մանուկներու կեանքին մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ անշուշտ «Հրանդ Տինք» վարժարանը, որ իր կարելիութիւններուն ներած չափով կը ջանայ յարմարաւէտ պայմաններ հրամցնել իր աշակերտներուն, բայց ատկէ ալ աւելի կարեւորը՝ տղոց կը ջամբէ կատարեալ կրթութիւն եւ ուսում, շնորհիւ իր անձնուէր ուսուցչաց կազմին: Նաեւ այս հաստատութիւնը փոքրիկներուն համար կը դառնայ իսկական բոյն մը, ուր եւս կեանքը հասարակաց է բոլորին համար: Բայց սա ալ կայ, որ ինչպէս կը մատնանշէ Ռենա Լուսին Պիթմէզ, փոքրիկներուն առաջին դաստիարակներն են նախ եւ առաջ անոնց ծնողները ու կրկին մասնաւորաբար իրենց մայրիկները: Ինչպէս որ յայտնի կը դառնայ ժապաւէնի տեւողութեան, փոքրիկներուն մայրիկները երբեք զիջողութիւն չեն ըներ իրենց սկզբունքներէն եւ ամէն բանէ վեր կը դասեն իրենց զաւակներուն դաստիարակութիւնն ու կրթութիւնը: Թէեւ կ՚ապրին անձուկ պայմաններու մէջ, բայց եւ այնպէս հայ մայրիկները առաջնահերթ կը նկատեն տղոց կարգապահութիւնը եւ երբեք թոյլ չեն տար, որ փոքրիկները իրարու գէշ վարուին, երբեք ու երբեք աչք չեն գոցեր անոնց անկարգութիւններուն: Ահա՛ այսպիսի թելադրիչ պատգամներով է, որ կ՚ընթանայ ժապաւէնը, միշտ քաղցր ժպիտներ ուրուագծելով հանդիսականներուն դէմքերուն վրայ:

Երիտասարդ բեմադրիչին այս բացառիկ գործը 2019-ին թէ՛ Իսթանպուլի եւ թէ Անգարայի մէջ միջազգային շարժապատկերի փառատօններուն արժանացած է լաւագոյն վաւերագրական ժապաւէնի մրցանակներուն, ինչ որ աննախադէպ յաջողութիւն մըն է թրքահայ շարժանկարի արուեստի տեսակէտէ:

Լման մէկուկէս ժամ մխիթարեանցի աշակերտներն ալ գրեթէ մագնիսացած եւ ուշի ուշով հետեւեցան ժապաւէնին, խոր տպաւորութիւններ կրելով եւ կեանքի կարեւոր դասեր քաղելով այս եզակի գործէն: Ռենա Լուսին Պիթմէզի տեսախցիկին ոսպնեակին ընդմէջէն տղաքը սպիտակ պաստառին վրայ ականատեսը դարձան իրենցիններէն բաւական տարբեր կեանքի պայմաններու եւ առիթն ունեցան այդ տարբեր կեանքի պայմաններու մասին խորհելու, խորհրդածելու: Իսկ ցուցադրութեան աւարտին տեղի ունեցաւ անմիջական զրոյց Ռենա Լուսին Պիթմէզի եւ ժապաւէնի երկու գլխաւոր մանկամարդ դերակատարուհիներ Ռուզաննա Պապայեանի եւ Յասմիկ Վարդերեսեանի հետ, որոնք նկարահանումներուն սկսած առաջին օրերէն ասդին բաւական մեծցած ու փոխուած էին: Իսկ գալով անոնց հասունութեան եւ լրջութեան՝ ժապաւէնին մէջ նշմարելի էր, որ անոնք միշտ եղած էին բաւական հասուն եւ լուրջ երեխաներ ու այսօր ալ գրեթէ նոյնութեամբ պահած էին իրենց այդ ընդոծին յատկութիւնները: Անմիջապէս ըսենք ,թէ հիւր արուեստագէտներուն հետ զրուցելն ալ ինքնին ուրիշ վայելք մըն էր մխիթարեանցիներուն համար:

Ռենա Լուսին Պիթմէզ նախ ներկաները լուսաբանեց ժապաւէնի պատրաստութեան փուլերուն մասին: Ան բացատրեց, թէ ինչպէս յղացած էր նման գաղափար մը: Ժապաւէնը արդիւնք էր տասն տարիներու վրայ տարածուած երկարատեւ աշխատանքի մը: Նախքան ժապաւէնի նկարահանումը՝ երիտասարդ բեմադրիչը Գումգաբուի մէջ ճիշդ մէկուկէս տարի ապրած էր հայ գաղթականներու հետ եւ յաջողած էր կատարելապէս մուտք գործել անոնց կեանքերէն ներս: Հազիւ ատկէ ետքն էր, որ ձեռնարկած էր նկարահանման գործին: Ռենա Լուսին Պիթմէզ պատմեց նաեւ, թէ ինչպէս երկար ու երկար որոնած էր իր դերակատարները, մինչդեռ անոնք իր շատ մօտիկն էին: Եւ յանկարծ իր դէմը յայտնուած էին ժապաւէնին հերոսները՝ չորս հրաշք մանուկներ, որոնք իրենց բնական խաղարկութեամբ, աւելի ճիշդը իրենց բնական կեանքի ընթացքով, իրենց բնական առօրեայով եւ ատեն ատեն ալ իրենց յառաջ քշած փայլուն գաղափարներով մէջտեղ հանած էին նման գործ մը: Հարցում-պատասխանի ձեւաչափով կայացած զրոյցին մխիթարեանցի աշակերտներն ալ իրենց տեղին ու խելացի հարցումներով յայտնի դարձուցին, թէ որքան լաւ թափանցած էին ժապաւէնին թելադրած խորհուրդէն ներս:

Զրոյցի տեւողութեան Ռենա Լուսին Պիթմէզ յիշեց նաեւ իր վարպետը՝ Արամ Կիւլեիւզը, որ իրեն կտակած էր նկարահանել հայերու մասին ժապաւէն մը եւ այսպէս՝ հայուն անունը յանձնել Թուրքիոյ շարժանկարի պատմութեան էջերուն: Ահաւասիկ Պիթմէզի «Աստուած գաղթական տղաքը կը սիրէ՞, մայրի՛կ» անուն ժապաւէնը կու գար այս կտակը իրականացնելու, հայուն անունը ոսկեայ տառերով արձանագրել տալով շարժապատկերի աշխարհին մէջ:

Իրապէս մեծ հաճոյք էր զրուցել Ռենա Լուսին Պիթմէզի եւ իր փոքրիկ դերակատարներուն հետ: Ռենա Լուսին Պիթմէզ իր անսահման համեստութեամբ եւ չափազանց դիւրահաղորդ նկարագրով, իսկ պարմանուհիներն ալ կրկին իրենց համեստութեամբ, իրենց ամօթխածութեամբ եւ իրենց ազնուական ու վեհ կեցուածքով սիրտերը գրաւեցին բոլոր մխիթարեանցիներուն, անոնց մօտ յառաջացնելով տարբեր զգայնութիւններ:

Աւարտին՝ վարժարանի լիկէոնի տնօրէնուհի Եւա Օրագեան սրտանց շնորհակալութիւն յայտնեց Ռենա Լուսին Պիթմէզին, Ռուզաննա Պապայեանին եւ Յասմիկ Վարդերեսեանին, որոնք շատ բան բաժնած էին իրենց հետ ու իրենց առջեւ պարզած էին տարբեր հորիզոններ: Եւա Օրագեան կրկին շնորհաւորելով անոնց կատարած վիթխարի գործը՝ բոլորին մաղթեց նորանոր նուաճումներ, իսկ ժապաւէնին մաղթեց բարի երթ մեծ զանգուածներու հասնելու, թրքահայ իրականութեան մէջ իր մեկնարկած ճանապարհորդութեան ընթացքին անսայթաք յարատեւելու իր խիստ կարեւոր առաքելութեան մէջ:

Եւ որպէս վերջաբան աւելցնենք, թէ մխիթարեանցիները շատ սիրեցին ու այսուհետեւ շատ պիտի կարօտնան Ռենա Լուսին Պիթմէզը եւ ժապաւէնին չորս գլխաւոր հերոսները՝ Ռուզաննան, Յասմիկը, Անդրանիկը եւ Յարութը:

Շաբաթ, Փետրուար 22, 2020