ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Էսաեան սանուց միութեան եւ «Մարալ» երգի-պարի համոյթի վարիչները։

Վարչութեանց անդամները Պատրիարքարան փութացած էին՝ Նորին Ամենապատուութեան ուշադրութեան յանձնելու համար իրենց ծրագիրները։ Անոնք խօսեցան յատկապէս Թուրքիոյ հարաւին, արեւելքին եւ հարաւ-արեւելքին տեղի ունեցած վերջին ահռելի մեծ երկրաշարժի աղէտահարներուն ի նպաստ կատարուելիք աշխատանքներու մասին։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հայրական օրհնութիւնը տուաւ վարչայիններուն՝ մարդասիրական ու մշակութանուէր աշխատանքներու համար եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 22, 2023