ՍԾՏՀԿ-Ի ՄՕՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ ՊԱՏՈՒԵՑ ԺԱՄԱՆԱԿ-Ի ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆԸ

Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշական մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան երէկ յետմիջօրէին պատուեց ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրատունը՝ ընկերակցութեամբ ներկայացուցչութեան խորհրդական Անահիտ Չալիքեանի։

Նաիրի Պետրոսեան հազիւ քանի մը շաբաթէ ի վեր պաշտօնի ձեռնարկած է քաղաքիս մէջ։ Այս ընթացքին ան ՍԾՏՀԿ-ի միջազգային քարտուղարութեան եւ քաղաքիս դիւանագիտական շրջանակներուն հետ հասցուցած է հնարաւորինս ծանօթութիւն հաստատել։ Միեւնոյն ժամանակ, ան կարելի չափով շփուած է թրքահայ համայնքային շրջանակներուն հետ։ Այս ծիրէն ներս Նաիրի Պետրոսեան անդրանիկ այցելութիւնը տուաւ հայ մամլոյ նահապետ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրատունը։ Ներկայացուցչութեան խորհրդական Անահիտ Չալիքեան նոյնպէս առաջին անգամ այցելեց խմբագրատունս։

Հաճելի զրոյցի ընթացքին դիւանագէտ հիւրերը բացատրութիւններ քաղեցին թերթիս գործունէութեան, դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն շուրջ՝ մանաւանդ, որ անոնք տարրական տեղեկութիւններ ունէին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի պատմութեան մասին։ Անկեղծ զրոյցի ձեւաչափին մէջ Նաիրի Պետրոսեան եւ Անահիտ Չալիքեան վերահասու դարձան թերթիս մօտեցումներուն՝ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի առաջնահերթութիւններուն շուրջ։ Կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան Հայաստանի առկայ մարտահրաւէրներուն, Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի հեռանկարներուն կապակցութեամբ։ Զրոյցի տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն, համահայկական օրակարգի զանազան խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ ՍԾՏՀԿ-ի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութեան գործունէութեան կարեւոր նշանակութեան։

Նաիրի Պետրոսեան եւ Անահիտ Չալիքեան շրջայց մըն ալ կատարեցին խմբագրատանս մէջ։ Հուսկ, թերթիս գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան ներկայացուցչութեան գրադարանին համար հիւրերուն յանձնեց՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադիր Միսաք Գօչունեանի կողմէ առաջին անգամ աշխարհաբարի փոխադրուած «Նարեկ»ի՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչական բաժնին կողմէ լոյս ընծայուած երկրորդ տպագրութեան օրինակներէն մին։

Ուրբաթ, Մարտ 22, 2024