ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ՖՈՒԹՍԱԼԻ ԽՈՒՄԲԸ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍԱՒ ՄԱԼԱԹԻԱՅԻ ԽԱՂԵՐՈՒ ԱՐԴԻՒՆՔԻՆ

Շիշլի մարզակումբի ֆութսալի խումբը վերջերս Մալաթիայի մէջ մասնակցութիւն բերաւ ներկայ եղանակի կարեւոր խաղերուն։ Առաջին երկու հանդիպումներէն 7-4 արդիւնքով յաղթական դուրս եկան շիշլիցիները եւ այսպէսով ապահովեցին մրցաշարքի յաջորդ փուլերուն մասնակցութիւնը։ Երրորդ խաղին արդիւնքը եղաւ պարտութիւն, որովհետեւ բացի մրցակցի զօրաւոր ըլլալու հանգամանքէն, շիշլիցիներուն տեսակէտէ յառաջացան շարք մը ներքին դժուարութիւններ։

Հուսկ, շիշլիցիները աղիւսակի երկրորդ հորիզոնականին վրայ աւարտեցին Մալաթիայի մրցաշարքը եւ իրաւունք շահեցան յառաջիկային Քոճաէլիի մէջ նախատեսուած մրցումներուն մասնակցելու։

Շիշլիցիները ներկայիս աշխատանք կը տանին, որպէսզի Քոճաէլիի խաղերու արդիւնքին կարենան տեղ զբաղեցնել աղիւսակի առաջին երկու հորիզոնականներէն մէկուն վրայ եւ այսպէսով բարձրանալ աւարտական փուլին։

Յաջողութիւն կը մաղթենք շիշլիցիներուն։

Չորեքշաբթի, Մայիս 22, 2019