ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՄԵՐԳԸ

Երէկ երեկոյեան, Շիշլիի «Ճեմիլ Ճանտաշ-Քենթ» մշակոյթի կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ Լուսաւորիչ մանկանց երգչախումբին համերգը, որու պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու կողքին էին բազմաթիւ հոգեւոր հայրեր։ Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի մօտաւոր անցեալին դիմագրաւած ծանր վերիվայրումներէն վերջ, այս համերգը նոր էջ մը բնորոշեց ընդհանուր գործունէութեան տեսակէտէ։ Երէկուան համերգին ընթացքին շատ խորհրդանշական էր այն պահը, երբ երգչախումբի բուն կազմն ու մանկանց կազմը հանդէս եկան միասնաբար։ Յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ հայր եւ դուստր Արտա Էրոլի եւ Թալիա Սիրեմ-Էրոլի, ինչ որ իսկապէս խորհրդանշական էր երգչախումբի պարագային ստեղծուած ընտանեկան մթնոլորտին եւ շարունակականութեան տեսակէտէ։ Անշուշտ, այս երեւոյթին մէջ անուրանալի դեր մը ունի խմբավար Յակոբ Մամիկոնեան։

Լուսաւորիչ մանկանց երգչախումբի համերգը ձօնուած էր՝ խաղաղութեան ու սիրոյ։ Տղաքը յայտագիրը գործադրեցին՝ Հրանդ Չիզմէճեանի հանդիսավարութեամբ։ Երգացանկին մէջ ընդգրկուած գործերը անոնք մեկնաբանեցին յաջողութեամբ՝ արժանանալով ծափահարութիւններու։ Իրենց ընկերացաւ նուագախումբ մը, որու կազմին մէջ էին՝ Արի Հերկել, Ռոպէր Տողանայ, Արտա Ույար, Թայիս Մութլու, Նայեատ Քալայլը եւ Նաիրի Քալայլը։

Հուսկ բանքը արտասանեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որ բարձր գնահատեց խմբավար Հրանդ Չիզմէճեանը եւ կարեւորեց Լուսաւորիչ երգչախումբի գործունէութիւնն ու անոր առջեւ ուրուագծուած նոր հորիզոնները։

Երկուշաբթի, Մայիս 22, 2023