26-ՐԴ ՌՈՒԲԷՆ ՍԷՄԷՐՃԵԱՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ ԱՒԱՐՏԵՑԱՒ

Ռու­բէն Սէ­մէր­ճեա­նի յի­շա­տա­կին ձօ­նուած պաս­քէթ­պո­լի 26-րդ մրցա­շար­քը ե­րէկ հա­սաւ իր ա­ւար­տին։ Ա­ռաջ­նու­թեան դափ­նին նուա­ճեց Սա­հա­կեան սա­նուց միու­թեան խում­բը։ Երկ­րորդ եւ եր­րորդ տե­ղե­րը յա­ջոր­դա­բար գրա­ւե­ցին Պէզ­ճեա­նի եւ Ֆէ­րի­գիւ­ղի խում­բե­րը։ Այս առ­թիւ յու­շա­նուէր­ներ յանձ­նուե­ցան Օր­թա­գիւ­ղի եւ Սա­մա­թիոյ թա­ղա­յին խոր­հուրդ­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ Սա­հա­կեան սա­նուց միու­թեան, Պաս­քէթ­պո­լի ֆե­տե­րա­սիո­նի մրցա­վար­նե­րուն, մաս­նա­կից միւս սա­նուց միու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք ա­մէն կեր­պով ա­ջակ­ցած էին մրցա­շար­քի յա­ջող կա­յաց­ման։ Սրտի խօս­քեր ար­տա­սա­նե­ցին տեղ­ւոյն քա­րո­զի­չը՝ Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեան, Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Ե­սա­յի Տէ­միր, Կար­գա­դիր յանձ­նա­խում­բի ա­տե­նա­պետ Ար­սէն Քո­վան։ Ո­գե­կոչո­ւե­ցաւ նաեւ յի­շա­տա­կը հան­գու­ցեալ մար­զիկ Ա­լեքս Տաղ­լեա­նի։ Յա­տուկ մրցա­նակ­ներ ստա­ցան նաեւ մար­զիկ­ներ Ճէմ Թի­միր­ճի, Նա­րեկ Խա­չի­կօղ­լու, Այ­գուն Փեք­մե­զեան եւ Տա­տեան սա­նուց միու­թիւ­նը։

Երկուշաբթի, Յունիս 22, 2015