ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ԸՆԹՐԻՔ
Սկիւտարի սանուց միութեան մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ Գալֆաեան Տան այս տարուան շրջանաւարտներուն համար կազմակերպուած հրաժեշտի ընթրիք մը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ մեծ խանդավառութիւն։ Աւարտական դասարանի աշակերտներուն հրաժեշտ տալու համար կազմակերպուած երեկոյթին մասնակցեցան Գալֆաեան Տան պատասխանատուները, ծնողներ եւ հիւրեր։
Շրջանաւարտները բուռն ծափերու արժանանալով հանդիսաւորապէս մուտք գործեցին սրահ։ Տնօրէնուհի Այտա Քայաէր հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը՝ շնորհաւորեց շրջանաւարտները եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց կրթական շրջանի ապագային համար։ Յուզումնախառն մթնոլորտի մը մէջ գալֆաեանցի շրջանաւարտները ստացան իրենց վկայականները։
Երեկոյթի տեւողութեան բոլորը ունեցան հաճելի ժամանց՝ ուրախակից ըլլալով ընթացաւարտներուն։