ՄԵՍՐՈՊ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԵՑԱՒ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, վերջերս, Ս. Եղիայի յիշատակութեան տօնին հոգեւոր արարողութիւններ տեղի ունեցան։ Նկատի ունենալով Համաշխարհային հայրերու օրը եւ երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքի ծննդեան տարեդարձի զուգադիպութիւնը, մասնաւոր յիշատակութեան արժանացաւ նաեւ մեր հոգեւոր պետը։ Արարողութեան ներկայ եղան գլխաւորութեամբ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին, կոկիկ թիւով կղզեբնակ հաւատացեալներ։

Ս. Պատարագը մատոյց՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութեան, Կարպիս Սրկ. Չիչէքեան, Լեւոն Սրկ. Գույումճեան եւ դպիրներ, իսկ երգեցողութիւնները կատարուեցան՝ առաջնորդութեամբ Սայաթ Սրկ. Չընարեանի։

Նախքան Տէրունական աղօթքը, պատարագիչ հայր սուրբը «Արդարի մը աղօթքը ազդեցիկ է եւ մեծապէս կ՚օգնէ» (Յակոբոս 5.16) բնաբանով քարոզեց ու բացատրեց Ս. Եղիաի աղօթքի խորհուրդը։ Հայր սուրբը շեշտադրեց, թէ Հին կտակարանն ու Նոր կտակարանը զիրար կ՚ամբողջացնեն ու կը կազմեն Աստուածաշունչը, որուն մէջէն Աստուած իր արդարութեամբ կը յայտնուի։ Հետեւաբար, որպէս արդար մարդ Աստուծոյ մօտենալու առաջնաքայլը կը հանդիսանայ Աստուծոյ փառքին համար աղօթելու տրամադրութիւնը։ Հին կտակարանի մեծ մարգարէներէն Ս. Եղիան այս տրամաբանութեան լաւագոյն օրինակներէն կը հանդիսանայ։ Հետեւաբար, հաւատացեալները հրաւիրեց յաչս Աստուծոյ արդար անձեր դառնալու իրենց ի Քրիստոս հաւատքով, սիրով ու յոյսով։

Հայր սուրբը, ապա անդրադարձաւ կիրակնօրեայ համաշխարհային իմաստին, որուն ընդմէջէն շնորհաւորեց ներկայ բոլոր հայրերուն «Հայրերու օր»ը ու իրենց մաղթեց արեւշատութիւն։ Ներկայ հաւատացեալներու ի Քրիստոս ննջած հայրերուն ու պապերուն համար եւս աղօթք բարձրացուց ու հայցեց Աստուծոյ ողորմութիւնը։ Ապա նշեց, թէ Հայրերու օրուան ու ծննդեան տարեդարձին առիթով պարտքն ունէր յիշատակելու Մեսրոպ Պատրիարքը՝ հոգեւոր հայր մը, որ շատերը առաջնորդած էր Գնալը կղզիի մէջ։ Հայր սուրբը ի միջի այլոց ըսաւ. «Մեր մեծերը հաստատութիւններ հիմնեցին եւ Աստուծոյ աղօթեցին, որպէսզի այդ հոգեւոր ու բարոյական արժէքները փոխանցուին ապագայ սերունդներուն։ Մօտաւորապէս քառասուն տարի առաջ, նման փափաք մը իր պատասխանը գտաւ եւ Աստուծոյ շնորհքով յայտնուեցաւ Մեսրոպ Սրբազանը, որուն աշխատութիւններով մեր մեծերուն կամքը իրականացաւ, քանզի անոնք Աստուծոյ փառքին յենլով Աստուծմէ արդարութեամբ խնդրած էին։ Իր աշխատութիւններով շատերուն սրտերուն մէջ տեղ գրաւեց Աստուծոյ խօսքը եւ պապենական մեր աւանդութիւնները։ Հետեւաբար, իր յիշատակութիւնը առիթ է, որպէսզի մենք եւս աղօթենք մեր նախնիներուն նման ու ըսենք. Ո՜վ Տէր Աստուած, գոհութիւն քեզի որ աւանդ գտանք մեր մեծերէն հոգեւոր ու բարոյական արժէքներ։ Առաջնորդէ մեզ իմաստութեամբ, զօրացուր մեզ Աստուածային ներկայութեամբ, օրհնէ մեր ուղին, որպէսզի արդարանանք քու առջեւդ ու ապագայ սերունդներուն եւս փոխանցենք մեզի աւանդուած արժէքները»։   

Ս. Պատարագի աւարտին հոգեհան-գըստեան աղօթքներով ու շարականներու երգեցողութեամբ յիշատակուեցաւ երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարք Հայրը։ Հոգեւոր արարողութեան աւարտին ներկաներ շնորհաւորեցին հայր սուրբին, ինչպէս նաեւ թաղային խորհդուրի եւ Ներսէսեան դպրաց դասու անդամ հայրերուն տօնը։

Շաբաթ, Յունիս 22, 2019