ԱՌԱՋԻՆ ՏԱՐԵԼԻՑ

Պոլսահայ երախտաշատ կրթական մշակ, Ս. Խաչ դպրեվանքի նախկին բազմամեայ տնօրէն հոգելոյս Հայկ Նշան երէկ ոգեկոչուեցաւ՝ իր մահուան առաջին տարելիցին առթիւ։ Այս առթիւ Շիշլիի գերեզմանատան մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ՝ հանգուցեալի սաներէն Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեանի գլխաւորութեամբ։ Բարեյիշատակ կրթական մշակի հողակոյտին շուրջ հաւաքուած էին՝ ընտանիքի անդամները, պաշտօնակիցները, բարեկամները, սաները եւ Ս. Խաչ դպրեվանքի ընտանիքէն ներկայացուցիչներ։ Առաջին տարելիցի հոգեհանգստեան պաշտօնը կատարուեցաւ Հայկ Նշանի նորակերտ շիրիմին վրայ, որու գեղարուեստական ձեւաւորումը կատարուած էր ճարտարապետ Վազգէն Պարընի կողմէ։

Բոլոր ներկաները առ Աստուած աղօթք բարձրացուցին Հայկ Նշանի յաւիտենական հանգիստին համար, հերթական անգամ քաղցրութեամբ վերյիշեցին զինքը եւ իրենց բարոյական զօրակցութեան առարկայ դարձուցին այրին՝ Էսաեան վարժարանի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշանը, դուստրը՝ կրթական մշակ Սելին Նշանը եւ բոլոր հարազատները։

Երկուշաբթի, Յունիս 22, 2020