ՄՐՑՈՅԹ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ լուսանկարչութեան մրցոյթ մը կազմակերպուած է ի յիշատակ անմոռանալի լուսանկարիչ Նիքոլաս Մանկինասի, որ նախորդ ամիս զոհ գացած էր քորոնաժահրի համաճարակին։ Իր անժամանակ կորուստի պատճառած մեծ ցաւի մթնոլորտին մէջ, Ենիգիւղի յունաց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած է այս մրցոյթը՝ «Մենք ու մեր աւանդութիւնները» խորագրին ներքեւ։ Այս նախագծով կը հետապնդուին մշակոյթներու միասնականութիւնը, համակեցութեան ձեւերու լայն հասարակութեան ցոլացման նպատակները։ Հոգելոյս Նիքոլաս Մանկինասի առաջնորդուած արժէքներն ու աշխատանքային կարգապահութիւնը հիմք ընդունուած է այս նախաձեռնութեան համար։ Կը ծրագրուի մրցոյթին ներգրաւել լուսանկարիչներ, որոնք կ՚արտադրեն նոյն ուղղութեամբ։ Թուրքիոյ Լուսանկարչութեան արուեստի դաշնակցութիւնն ալ կը խրախուսէ այս մրցոյթը, որու դիմումները ընթացքի մէջ են 15 յունիսէն ի վեր։ Մինչեւ 1 դեկտեմբեր դիմումները պիտի շարունակուին, իսկ մրցոյթի արդիւնքները պիտի հրապարակուին 21 դեկտեմբերին։ Դափնեկիրներուն համար նախատեսուած են դրամական պարգեւներ։

Մրցոյթի դատակազմին մաս կը կազմեն շարք մը յայտնի լուսանկարիչ կամ լրագրողներ. ինչպէս՝ Ճոշքուն Արալ, Իզզէթ Քերիպար, Ալպերթօ Մոտիանօ, Պերճ Արապեան, Էմինէ Իւլքերիմ, Մկրտիչ Արծիւեան եւ Եորկօ Տեմիր։

Երեքշաբթի, Յունիս 22, 2021