ԱՆԺԱՄԱՆԱԿ ԵՒ ԱՆՄԽԻԹԱՐ
Խոր ցաւով եւ անհուն սրտաբեկութեամբ վերահասու դարձանք, որ այս առաւօտեան ժամերուն իր մահկանացուն կնքած է Նատիա Կիւլմէզկիլ՝ հազիւ 64 տարեկան հասակին (Ծնած էր 1 Հոկտեմբեր 1952 թուականին)։
Ներկայ շաբաթը, դժբախտաբար, մեր համայնքին տեսակէտէ սկսաւ շատ ցաւալի գոյժով մը։ Բօթը հասաւ այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն։ Նախախնամութիւնը անհաւատալի տնօրինութիւն մը ըրած է եւ իսկապէս դժուար, շատ դժուար է հաշտուիլ այդ մէկուն հետ։ Ոչ եւս է իր մարմնաւորած համեստութեամբ մեր հաւաքական կեանքէն ներս յարգանք ու համակրանք վայելելու ախոյեան դարձած պատուական ու շատ սիրելի դէմք մը՝ Նատիա Կիւլմէզկիլ, որ իր սիրելիներէն հրաժեշտ կ՚առնէ թողլով նուիրականութեան համազօր խնկելի, բարի եւ անթառամ յիշատակ մը։ Սա անժամանակ ու նոյնքան անմխիթար մահ մըն է, որ վրայ հասած է ցնցելով հանգուցեալին ընտանիքը եւ բարեկամական շրջանակը։ Նատիա Կիւլմէզկիլ կը խորհրդանշէր կերպար մը, որու մէջ խտացած էին մարդկային բոլոր առաքինութիւնները։ Իր դէմքէն անպակաս ժպիտը, հայեացքին շողերը միշտ կը ցոլացնէին իր դրական տրամադրութիւնները, մարդասէր բնաւորութիւնը եւ ուրիշներու նկատմամբ բարի կամեցողութիւնը։ Հազար ափսոս, որ այսքան դաժան վախճան մը նախատեսած է իրեն համար։
Համայնքային շրջանակները առկայ ծանր պահուն բարոյական անկեղծ զօրակցութեան զգացումներով կը գօտեպնդեն երախտաշատ բարերար եւ Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլը, որ խոր սուգի մատնուած է իր ամենասիրելի եւ ազնուական կողակցին կորուստով, անողոք հիւանդութեան դէմ մղուած երկարատեւ ու մաշեցուցիչ պայքարի շրջանէ մը վերջ։ Իր միակ մխիթարութիւնը այն է, որ կողակցին հրաժեշտ կու տայ անթերիօրէն կատարած ըլլալով իրեն վիճակած բոլոր պարտականութիւնները։ Որպէս տիպար ամուսին մը՝ ան մինչեւ վերջին շունչը եղած է կենակցին հետ, որ իւրաքանչիւր պահուն զգացած է իրեն նկատմամբ տածուած անսահման սէրը։
Նատիա Կիւլմէզկիլ հասած էր հայկական նահապետական ընտանիքի մը մթնոլորտին մէջ։ 1969-1970 կրթական շրջանին աւարտած էր Էսաեան վարժարանը։ Իր խառնուածքին համահունչ բարձրագոյն կրթութիւն մը ստացած էր։ Արդարեւ, բոյժ-քոյր էր մասնագիտութեամբ։ Ամուսնանալով Տիգրան Կիւլմէզկիլի հետ՝ կազմած էր երջանիկ բոյն մը։ Նատիա-Տիգրան Կիւլմէզկիլ ամոլը բախտաւորուած է դուստրով մը՝ Մելիսսա։ Իր ամուսնոյն կողքին էր միշտ։ Գործի կեանքին մասնակցութիւն կը բերեր անսպառ եռանդով։ Միշտ կը խրախուսէր նաեւ իր ամուսնոյն կողմէ մեր համայնքային հաստատութիւններուն կամ բարենպատակ ծրագրերուն բերուած նպաստը։ Ազգային կեանքէն ներս պատասխանատը-ւութեան գիտակցութեամբ կը վարուէր, միշտ համերաշխութեան, ներդաշնակութեան ու համագործակցութեան տրամադրութիւններով։
Վերջին տարիներուն խանգարուած էր առողջութիւնը։ Երկար ժամանակ տառապեցաւ անողոք հիւանդութենէ, որ պատած էր ամբողջ մարմինը։ Բժշկական մշտական վերահսկողութեան տակ կը գտնուէր։ Երբեմն հիւանդանոց կը մտնէր, երբեմն ալ բնակարանին մէջ էր՝ բայց ամէն ինչ կը կատարուէր մասնագէտներու ցուցմունքներուն համաձայն։ Բոլորը կ՚ուրախանային, երբ կը լսէին՝ որ ծանր փուլ մը յաղթահարած էր։ Իր ընտանիքին ու բոլոր սիրելիներուն աղօթքները միշտ իր հետ էին։ Սիրելիները նման վախճանի մը հեռանկարը վանել կը ջանային անտարակոյս։ Բայց եւ այնպէս, վերջին շրջանին Նատիա Կիւլմէզկիլ հիւծուած էր անհամեմատօրէն։ Դիմադրութիւնը տկարացած էր ու փոխադ-րըւած՝ հիւանդանոց։ Դժբախտաբար, իրեն համար ի սպաս դրուած, նոյնիսկ շռայլուած խնամքը մնաց անբաւարար եւ ան աչքերը փակեց կեանքին ու աւանդեց հոգին երկնաւոր հօր ձեռքերուն մէջ, այս առաւօտ ժամը շուրջ ութին։
Նկատի ունենալով, որ արտասահմանէն ընտանեկան պարագաները պիտի փութան քաղաքս՝ յուղարկաւորութեան վերաբերեալ մանրամասնութիւնները պիտի յստակեցուին շուտով։
Այս տխուր առթիւ մեր երկիւղած խոնարհումը կը բերենք Նատիա Կիւլմէզկիլի բարի յիշատակին առջեւ եւ իր հոգւոյն կը հայցենք երկնային հանգիստ՝ մաղթելով, որ ան յաւիտեան ննջէ լոյսերու մէջ ու արժանանայ երկնային անթառամ պսակներու։
Նոյն առթիւ մեր ամենախորին վշտակցութիւնները կը յայտնենք ամուսնոյն՝ Տիգրան Կիւլմէզկիլին, զաւկին՝ Մելիսսա-Ալէն Պաղ ամոլին ու թոռնիկներուն, քրոջ՝ Մարգրիտ-Նշան Աթընըզեան ամոլին եւ քեռորդիներուն, մօրեղբօր՝ Արհիապատիւ Չոլաքեան Գերապայծառին, Տիգրան Կիւլմէզկիլի համայն ընտանեկան պարագաներուն եւ խնամիներուն՝ Այթէն-Էֆրիմ Պաղին եւ Ժանէթ-Մելքոն Քարաքէօսէին։
Թրքահայ կեանք
- 10/07/2024
- 10/07/2024