«ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՀԻՄՆԱՐԿԻՆ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ ՀԱՍՑԷԱԳՐԱԾ ԱՆՁԵՐԸ ԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿՈՒԵՑԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆԻ ԿՈՂՄԷ

«Հրանդ Տինք» հիմնարկին մօտաւոր անցեալին սպառնական ելեկտրոնիկ նամակներ ուղարկած անձերը դատարանին կողմէ ազատ արձակուեցան։ Տեղական մամուլը այսօր կը գրէ, որ ենթակաները՝ Հիւսէյին Աթէշ եւ Էրսին Պաշքան դատուած են Իսթանպուլի 56-րդ պատժական ատեանին կողմէ։ Երկու մեղադրեալներն ալ կալանավայրէն հեռավար դրութեամբ մասնակցեցան դատավարութեան։ Դատակազմը զանոնք ազատ արձակելու վճիռը արձակեց՝ հաշուի առնելով անոնց բանտի մէջ մնալու ժամկէտը եւ յանցագործութեան բնոյթի փոփոխութեան հաւանականութիւնը։

Իր կարգին, «Հրանդ Տինք» հիմնարկի փաստաբան Հաքան Պաքըրճըօղլու յայտնեց, որ գանգատ ունին։ Ըստ իրեն, հոգելոյս Հրանդ Տինքի մահափորձէն առաջ ալ պատահած էին նման սպառնական դէպքեր, ստեղծուած մթնոլորտին մէջ ալ կատարուած էր մահափորձը։ «Այս սպառնալիքները լուրջ են», ըսաւ իրաւաբանը։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2020