ԱՆԹԵՐԻ ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ

Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ նորոգ վախճանեալ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի կիրակնամուտքը շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ։ Արարողութեան նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Ներկայ էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի պետ Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն՝ Հայ Եկեղեցւոյ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Սարգիսեան, որոնք քաղաքս փութացած էին հոգելոյս հայր սուրբի յուղարկաւորութեան համար։ Վախճանեալ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի ծառայած Ֆէրիգիւղի եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած կիրակնամուտքին ներկայ էին նաեւ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասու անդամները։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հանդիսապետութեամբ նախ տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն, որուն յաջորդեց կիրակնամուտքի արարողութիւնը, որով հանգստեան աղօթքով յիշատակուեցաւ վախճանեալ հայր սուրբը։ Արարողութեան աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։

Արարողութենէն վերջ եկեղեցւոյ յարակից «Շիրինօղլու» սրահի երդիքին տակ սարքուեցաւ հոգեճաշ մը, որ Ֆէրիգիւղի ընտանիքին կողմէ պատրաստուած էր։ Ճաշասեղանի շուրջ արտայայտուեցաւ Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի դպրապետ Սեդրակ Սրկ. Տավութհան, որ շեշտեց, թէ հոգելոյս Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի Ֆէրիգիւղէ ներս 15 տարուայ ծառայութիւնը պսակուած էր բարի յիշատակներով։

Հոգեճաշը աւարտին հասաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հուսկ բանքով եւ աղօթքով։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2021