ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն՝ Հայ Եկեղեցւոյ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Սարգիսեան երէկ պատարագեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, ան քաղաքս եկած էր՝ մասնակցելու համար նորոգ վախճանեալ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի վերջին օծման։ Հիւրաբար մեր մէջ գտնուելու ժամանակ Նորին Սրբազնութիւնը երէկ պատարագեց եւ քարոզեց Ֆէրիգիւղի մէջ՝ առընթերակայութեամբ Պատրիարքարանի փոխ-դիւանապետ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեանի։ Ս. սեղանին սպասարկեցին Սեդրակ Սրկ. Տավութհան, Սայաթ Սրկ. Չընարեան, Արմենակ Սրկ. Գազանճեան եւ այլ դպիրներ։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ Ֆէրիգիւղի թաղային խորհուրդը եկեղեցւոյ յարակից «Շիրինօղլու» սրահին մէջ սեղանով մը պատուեց հիւր սրբազան հայրը։ Այս փուլին հաճելի անակնկալով մը հատուեցաւ նաեւ կարկանդակ մը, որ պատրաստուած էր Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեանի ձեռնադրութեան առաջին տարեդարձին առթիւ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2021