ՋԵՐՄ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ այցելութիւն մը տուաւ Ֆաթիհի քաղաքապետ Էրկիւն Թուրանին։ Այս վերջինը մօտաւոր անցեալին այցելած էր Պատրիարքարան, ուստի Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ իրեն փոխադարձեց՝ հիւրընկալուելով ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։ Նորին Ամենապատուութեան ընկերացաւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Քաղաքապետի կողքին էին իր տեղակալներէն Մեհմէտ Էօզչելիք եւ քաղաքապետութեան խորհուրդի անդամներէն Պիւշրա Ունճու Էօզթեքին։ Հաճելի անակնկալով մը՝ Նորին Ամենապատուութեան այցելութեան առթիւ քաղաքապետարան հրաւիրուած էին այս գաւառակի սահմաններէն ներս գտնուող մեր եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներու ատենապետները, վարժարաններու տնօրէնները, կրթական մշակներ եւ խումբ մը աշակերտներ։

Այցելութեան առաջին փուլին Նորին Ամենապատուութիւնը ծանօթացաւ քաղաքապետարանի մուտքայարկին հաստատուած գրադարանին։ Բաւական յաւակնոտ գրադարան մըն է այս մէկը՝ ընթերցասրահներով եւ հիւրասիրութեան բաժիններով, կը գործէ շուրջօրեայ։

Քաղաքապետարանէն վերջ Նորին Ամենապատուութիւնը Էրկիւն Թուրանի եւ միւս ներկաներուն կողմէ առաջնորդուեցաւ շրջայց մը կատարելու՝ Ետիգուլէի պատմական բերդերու շրջակայքին՝ մանաւանդ, որ բարեզարդման աշխատանքներ կը տարուին ներկայիս, անշուշտ, պատմական հետքերու եւ դիմագիծի պահպանութեամբ։

Ապա, քաղաքապետարանի Թոփգաբուի գրադարանի վերնայարկին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ի պատիւ ճաշասեղան մը սարքուեցաւ։ Այս առթիւ քաղաքապետ Էրկիւն Թուրան ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ եւ ընդգծեց, որ քաղաքապետարանի աշխատանքները կը ներկայացնեն կարեւորութիւն, իսկ ծառայութիւնները ուղղուած են բոլոր հայրենակիցներուն անխտիր։ Ան կոչ ուղղեց, որպէսզի թրքահայ վարժարաններու սաներն ալ օգտուին քաղաքապետարանի գրադարաններէն։

Իր կարգին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ի պատիւ քաղաքապետին կողմէ ցուցաբերուած ջերմ ընդունելութեան համար։ Ան դրուատիքով արտայայտուեցաւ քաղաքապետարանի կողմէ ձեռնարկուած՝ մանաւանդ այն աշխատանքներուն մասին, որոնք մանուկներն ու երիտասարդները կը թիրախաւորեն։ Նորին Ամենապատուութիւնը ընդգծեց իր համոզումը, թէ ամենակարեւոր ներդրումը կը համարուի անհատին ուղղեալ աշխատանքը՝ յատկապէս գիտութեան եւ մշակոյթի զարգացման հեռանկարով։ Հուսկ, Նորին Ամենապատուութիւնը եւ քաղաքապետը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ առին իրարմէ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 22, 2021