ԶԳՕՆ ԵՒ ՈՒՇԱԴԻՐ

Պոլսահայ վարժարաններու շէնքերու երկրաշարժի դէմ դիմադրունակութեան հարցը երկար ատենէ ի վեր կը դասուի թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի հրատապ օրակարգին վրայ։ Մինչ այս նիւթը միշտ այժմէական է, համայնքային բոլոր հարթակներուն վրայ այս կապակցութեամբ քննարկումներ կը ծաւալուին եւ բազմակողմանի ուսումասիրութիւններ կը կատարուին։ Այս մարտահրաւէրը բազում ժողովներու ընթացքին համայնքային վարիչներու ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ։

Սոյն հարցը Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) եւ «Հայճար»ի միջեւ գործակցութեամբ ալ կ՚ուսումնասիրուի, որպէսզի համայնքի վարչական կամքն ու մասնագիտական պաշարը համատեղել կարելի դառնայ լուծման որոնումներուն մէջ։ Սա, անշուշտ, տեսականօրէն կարեւոր գետին մըն է, սակայն, վերջին հաշուով, գործնական քայլերու ձեռնարկելու համար հարիւր տոկոս բաւարար չ՚ըլլար։ Համայնքային կեանքը վարչական այնպիսի փակուղիի մը մատնուած է, որ կազմակերպչական եւ համագործակցութեան, իրատես կարգադրութիւններու դիմելու ճանապարհները խցանուած են ու բոլորը արդարանալու կամ այս փակուղին արդարացնելու համար կը նախընտրեն պատրուակել նիւթական հարցերը։

Կը տեղեկանանք, որ երէկ երեկոյեան, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն մը՝ գլխաւորութեամբ Գէորգ Էօզգարակէօզի։ Սա եղած է ԹՎՄ-ի եւ «Հայճար»ի կողմէ համատեղ գործի լծուած մասնագիտական յանձնախումբի նիստի ձեւաչափին մէջ ընդհանուր արժեւորում մը։ Գէորգ Էօզգարակէօզ, որ վերջին տարիներուն «Հայճար»ի անունով մանրամասնօրէն ուսումնասիրած է մեր դպրոցներու շէնքերու դիմադրունակութիւնը, այս յանձնախումբին գլուխը կը գտնուի։ Անդամներու շարքին կը գտնուին դէմքեր, որոնք մասնագիտութեան բերումով «Հայճար»ի անդամներու շարքին են, միեւնոյն ժամանակ, նաեւ ընտրեալ վարիչներ են համայնքէն ներս՝ մանաւանդ դպրոցներու մատակարար մարմիններու պարագային։

Ըստ մեր ստացած անպաշտօն տեղեկութիւններուն, յանձնախումբի երէկուան ժողովին ընթացքին ներկաները ամենայն պատասխանատուութեամբ շօշափեցին առկայ խնդիրները։ Ըստ իրենց գնահատականին, դպրոցներու շէնքերու տոկունութեան երաշխաւորումը անյետաձգելի հրամայական մըն է, սակայն այս գործը անկարելի է գլուխ հանել խուճապով, ուստի պէտք է գործել պաղարիւն եւ նպատակասլաց։ Յանձնախումբի անդամներուն համոզումներն ու դիտարկումները ցոյց կու տան, թէ պոլսահայ բազմաթիւ վարժարաններու պարագային դիմադրունակութեան խնդիրները կրնան յաղթահարուիլ՝ ամրապնդման ու ամրակայման աշխատանքներով։

Հարկ է նշել, որ ԹՎՄ-ի հարթակին վրայ վարժարաններու շէնքերու դիմադրունակութեան խնդիրը երկար ժամանակէ ի վեր լուրջ տարակարծութիւններու պատճառ կը դառնայ։ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, որ ի պաշտօնէ կը գլխաւորէ հարթակը, տարիներէ ի վեր կը պաշտպանէ արմատական քայլերու եւ հիմնական լուծումներու անհրաժեշտութիւնը։ Համայնքային վերջին ընտրութիւններով գործի գլուխ եկած վարչական խորհուրդները ERVAB-էն ներս ստեղծած էին կրթական յանձնախումբ մը՝ գլխաւորութեամբ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Աքսել Թոփալեանի։ Այս վերջինը անցեալ շաբթուան մէջ հրաժարած էր այդ յանձնախումբէն՝ պատճառաբանելով ատենապետ Շիրինօղլուի հետ տարաձայնութիւնները։ Վարչական հարթութեան վրայ թէեւ ներկայիս առկայ է անորոշութիւն, բայց եւ այնպէս, գոնէ մասնագիտական աշխատանքները կը շարունակուին։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 22, 2023