ԹՐՔԱՀԱՅ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ 3 ՄԻԼԻՈՆ ԼԻՐԱ ՀԱՆԳԱՆԱԿԵՑԻՆ «TÜRKİYE TEK YÜREK» ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Մինչ Թուրքիա կը ջանայ դիմագրաւել իրերայաջորդ երկրաշարժներու ծանր հետեւանքները, երկրէն ներս մեծ նուիրահաւաք մըն ալ սկսած է առկայ ծանր իրավիճակին մէջ հնարաւորութիւնները կեդրոնացնելու եւ զօրակցութիւնը առաւելագոյն մակարդակին հասցնելու համար։ Այս ամբողջին մէջ մասնաւոր տեղ կը զբաղեցնէ «Türkiye Tek Yürek» արշաւը, որ համատեղ նախաձեռնութիւնն է AFAD-ի եւ Կարմիր մահիկի։

Երկրաշարժէն անմիջապէս վերջ տեղի ունեցած իրերայաջորդ համայնքային խորհրդակցութիւններուն ժամանակ որոշուած էր, որ թրքահայութիւնն ալ մասնակցութիւն բերէ այս հանգանակութեան։ Պատրիարքական Աթոռի աղբիւրները երէկ հաղորդեցին, որ թրքահայ համայնքային կառոյցները վերջին օրերուն արդէն աշխատած են այս ուղղութեամբ եւ գոյացուցած են բաւական լուրջ գումար մը, որպէսզի յատկացուի «Türkiye Tek Yürek» նախաձեռնութեան։ Այսպէս, մեր համայնքային մարմիններուն կողմէ 3 միլիոն թրքական լիրա հանգանակուած է եւ այս գումարը որպէս նուիրատուութիւն կը յատկացուի յիշեալ ծրագրին ի նպաստ։ Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներուն մէջ մի առ մի թուարկուած են այս հանգանակութեան մասնակից հաստատութիւնները եւ անոնց կողմէ յատկացուած գումարները։

Հինգշաբթի, Փետրուար 23, 2023