ԲԱՐԵԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅՑ

Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ վաղը պիտի մատուցուի Սուրբ Պատարագ՝ Ապրիլի 24-ի առթիւ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան պիտի նախագահէ արարողութիւններուն, որոնց ընթացքին հայոց Սուրբ Նահատակներու բարեխօսութիւնը պիտի խնդրուի։ Պատրիարքարանի Դիմագիրքի էջէն հետեւիլ կարելի պիտի ըլլայ այս արարողութեան, որու աւարտին պիտի կատարուի նաեւ հոգեհանգստեան պաշտօն մը՝ ի յիշատակ 1915 թուականի դէպքերու զոհերուն։

Մինչ ամբողջ աշխարհի մէջ հայութիւնը վաղը պիտի ոգեկոչէ Ցեղասպանութեան տարելիցը, Գումգաբուի Սուրբ Պատարագով նոր օղակ մը աւելցուած պիտի ըլլայ վերջին տարիներուն ստեղծուած շղթային վրայ։

Միւս կողմէ, «DurDe» հարթակն ալ այս տարի դարձեալ կազմակերպած է ոգեկոչման ձեռնարկ մը։ Քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ «DurDe»ի կազմակերպած ձեռնարկը պիտի իրականանայ առցանց։ Նոյն ծիրին մէջ նախատեսուած մամլոյ յայտարարութիւնն ալ այս տարի պիտի կատարուի առցանց։ Մամլոյ յայտարարութիւնը պիտի ընթերցուի գրող Տենիզ Թիւրքալիի կողմէ։ Առցանց ասուլիսի ատենախօսները պիտի ըլլան՝ Պերրին Սէօնմէզ, Յովհաննէս Քըլըչտաղ, Ռոպէր Քոփթաշ, Թանէր Աքչամ եւ Շենոլ Քարաքաշ։

*

24 Ապրիլի ոգեկոչումներուն կապակցութեամբ Գումգաբուի աղբիւրները հանդէս եկան հետեւեալ պաշտօնական յայտարարութիւնով։

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Ինչպէս ծանօթ է մեր համայնքի անդամներուն, 24 Ապրիլ թուականը նշուած է Աթոռոյս Եկեղեցական Օրացոյցին մէջ որպէս յիշատակի օր «Սրբոց Նահատակացն Ա. Համաշխարհային Պատերազմի», որոնք կորսնցուցած էին իրենց կեանքը վասն հաւատոյ։

Նկատի ունենալով երկրին, ընդ որս Իսթանպուլի մէջ տիրող փողոց ելլելու արգելափակումը, սոյն յիշատակի օրուան առթիւ նախապէս արձանագրեալ Ս. Պատարագը պիտի սփռուի 24 ապրիլ 2020, ուրբաթ, ժամը՝ 10.30-ին Աթոռոյս Դիմագիրքի էջէն։ Ս. Պատարագին պիտի յաջորդէ «Սրբոց Բարեխօսութեան Կարգ»ը եւ ապա ժամը 12.30-ին, կենդանի սփռումով, Նորին Ապենապատուութեան պատգամը՝ օրուան առթիւ։ 

Առ ի տեղեկութիւն կը յայտարարենք մեր համայնքի ազնիւ անդամներուն։

ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 23, 2020