ՄԵՐ ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐՈՒՆ

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի ծիրին մէջ ներկայ շաբթուան ամբողջ երկրորդ կէսին՝ մինչեւ երկուշաբթի, չորս օր փողոց դուրս գալու արգելք հաստատուած է Թուրքիոյ բոլոր մեծ քաղաքներուն մէջ՝ ներառեալ Իսթանպուլը։ Այս իրավիճակին մէջ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը անխափան կը շարունակէ իր գործունէութիւնը։ Այսու մեր ընթերցողներուն կու գանք տեղեկացնել, որ թերթիս ցրւումը բնականոն ու կանոնաւոր ձեւով համակարգելու նպատակով ԺԱՄԱՆԱԿ-ի այս օրերու թիւերը տպագրութեան կը յանձնուին սովորականէն որոշ չափով աւելի կանուխ։ 

Մեր այն ընթերցողները, որոնք բաժանորդագրուած են, որպէսզի ԺԱՄԱՆԱԿ-ը հասնի իրենց բնակարանները, սովորական ձեւով կ՚ունենան թերթը։ Ինչպէս անցեալ շաբաթավերջին, այս չորս օրերուն ընթացքին քաղաքիս թէ՛ եւրոպական եւ թէ ասիական բաժիններուն մէջ թերթերը կը հասնին մեր ընթերցողներու բնակարանները։ Բաց աստի, առաւելագոյնը կը կատարուի, որպէսզի մեր միւս ընթերցողներն ալ կարողանան կրպակներէն ապահովել իրենց թերթը։ Ի տարբերութիւն անցեալ շաբաթավերջին, այժմու քառօրեայ սահմանափակումի առաջին երկու օրերուն՝ այսօր եւ վաղը արտօնուած է, որ կրպակները բաց ըլլան օրուայ առաջին կէսին։ Իսկ շաբաթ եւ կիրակի օրերու համար նման հնարաւորութիւն մը չկայ։ Բայց եւ այնպէս, թերթիս բազում վաճառքի կէտերը փակ կը մնան փողոց դուրս գալու արգելքին բերումով, որովհետեւ վաճառքի կէտերը շատ յաճախ միայն կրպակներ չեն, այլ՝ զանազան տեսակի խանութներ։ Աւելի՛ն, մեր ընթերցողներն ալ դուրս ելլելու հնարաւորութիւն չեն ունենար թերթ առնելու համար։ Այս կացութեան մէջ ԺԱՄԱՆԱԿ նախազգուշական բոլոր միջոցները ձեռք առած է արտադրութիւնը կայուն, հրատարակութիւնը կանոնաւոր պահելու համար։

Մերազն ընթերցողներուն կու գանք տեղեկացնել, որ թերթիս վարչութիւնը թէեւ առաւելագոյնը կ՚ընէ, սակայն ակամայ կը յառաջանան կաղացումներ ցրւումի եւ կարգ մը ընթերցողներու հասնելու ճանապարհին։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ այս չորս օրերու մեր թերթերը կրպակներու մօտ հասանելի պիտի ըլլան նաեւ յառաջիկային։ Կամքէ անկախ հաւանական բոլոր կաղացումներուն համար կ՚ապաւինինք մեր ընթերցողներու ներողամտութեան ու հասկացողութեան։ 

Հինգշաբթի, Ապրիլ 23, 2020