ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍԸ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ մանկապարտէզներու տարեվերջի հանդէսը։ Փոքրիկները մեծ խանդավառութիւն ապրեցան այս առթիւ։

Խրախճանքի մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ դպրոցին մէջ։ Իրերայաջորդ հանդէսներուն ներկայ գտնուեցան Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քահանայ Տամատեան, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեան եւ իր ընկերները, Արամեան-Ունճեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարվէն Սէրթշիմշէք, տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու, ուսուցչական կազմէն եւ թաղի յարակից մարմիններէն ներկայացուցիչներ։

Հանդէսի պատրաստութիւնները իրականացուցած էին Նելլի Պասմաճեան, Սէրլի Արապեան, Այլին Միրիճանեան, Քլարա Լամպաճեան, Դալար Էօնտէր, Մատլէն Չաղլա, Հանտէ Սաղլամ, Թայիս Մարալ, Գարին Քիւրքճիւօղլու, Սելին Չավուշօղլու եւ Էսրա Էօզալփ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 23, 2018