ՀԱՄԵՐԳԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Սամաթիոյ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի ներկայացուցիչները։ Այսպէս, նորին սրբազնութեան ներկայացան դպրաց դասու նախագահ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան, դպրապետ Խաչիկ Սրկ. Սարըլը եւ տնօրէն խորհուրդէն ներկայացուցիչներ։

Երգչախումբի անդամները տեղեկութիւններ փոխանցեցին իրենց ծաւալած ընդհանուր գործունէութեան եւ ծրագրերուն մասին։ Անոնք միեւնոյն ժամանակ տեղեկացուցին, որ 1 Յունիսին երգչախումբի մանկապատանեկան կազմի համերգը նախատեսուած է Պաքըրգիւղի մէջ, Տատեան վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահի երդիքին տակ։ Հիւրերը նորին սրբազնութիւնը հրաւիրեցին ներկայ ըլլալու համերգին։

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ուրախութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար։ Ան յայտնեց, որ դժբախտաբար ներկայ պիտի չկարենայ ըլլալ համերգին, որովհետեւ այդ շրջանին պիտի գտնուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Ընդհանուր փոխանորդը գնահատանքով արտայայտուեցաւ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ ծաւալուած գործունէութեան մասին, յղեց իր օրհնութիւնները եւ մաղթեց նորանոր նուաճումներ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 23, 2018