VADİP-Է ՆԵՐՍ ԾԱԳԱԾ ՑՆՑՈՒՄԻ ԼՈՅՍԻՆ ՏԱԿ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՇԱՆԼԸ ԿՈՉ Կ՚ՈՒՂՂԷ՝ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՇԱՀԵՐՈՒ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒԵԼՈՒ ՈՒՂՂՈՒԹԵԱՄԲ

Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP) վերջին ժողովին ընթացքին ծագած լարուածութիւնը ներկայիս կը բնորոշէ համայնքին օրակարգը։ Ինչպէս հաղորդած էինք, ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու VADİP-ի վերջին ժողովին ընթացքին հանդէս եկած է բուռն ելոյթով մը ու տեղեկացուցած է, որ կը լուծարէ համակարգման խորհուրդը։ Սա արդէն VADİP-ի ընդհանուր գործունէութեան գործնական անդամալուծութիւնը կը նշանակէ։ Թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ հիմա, դժուար է յստակօրէն կանխատեսել։ Առկայ պղտոր իրավիճակին մէջ VADİP-ի ատենադպիր Յարութիւն Շանլը յայտարարութիւններ ըրաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին։

Յարութիւն Շանլը մեզի յայտնեց, որ Պետրոս Շիրինօղլու VADİP-ի վերջին ժողովին ընթացքին հանդէս եկած է արդար հակազդեցութիւնով մը։ «Ան թէեւ քիչ մը մեղմացած է, սակայն իսկապէս կը շարունակէ մնալ զայրացած։ Քանի մը թաղային խորհուրդներու ատենապետներով յառաջիկայ օրերուն պիտի խօսինք իրեն հետ։ VADİP-ի ժողովին ընթացքին բոլորը լուռ մնացին՝ իրեն նկատմամբ տածուած խոր յարգանքին բերումով։ Պետրոս Շիրինօղլու մեր ուժն է, զինքը չմաշեցնենք եւ արժէքը գնահատենք։ Ինքը արդար է իր պոռթկումին մէջ։ Ցաւ կը զգայ, սրտնեղած է, սակայն այսպիսի բաներ կ՚ըլլան։ Մենք ուրիշ Պետրոս Շիրինօղլու մը չունինք», ըսաւ Յարութիւն Շանլը։

Թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ VADİP-ի ապագան։ Պատասխանելով այս հարցման՝ Յարութիւն Շանլը ըսաւ. «Մեր տասն տարին տուած ենք VADİP-ին ու բոլորս անոր մէջն ենք։ Բոլոր թերացումներով հանդերձ, այսօր միակ կանգուն մնացած կառոյցը VADİP-ն է, որու շնորհիւ կը կարգաւորուին բազմաթիւ ընթացիկ խնդիրներ։ Համայնքային 27 վաքըֆ կանոնաւոր ձեւով համախմբուած է անոր հովանոցին տակ։ Բոլորը կրնան սխալներ գործել։ Պէտք է ըլլանք հանդուրժող։ VADİP ունի իր կանոնագրութիւնը։ Պետրոս Շիրինօղլուն ալ ընդունած է գտնուիլ անոր գլուխը։ Հետեւաբար, կարելի չէ այս ձեւով լուծարել ու թողուլ։ Ճիշդ է, որ նեղութիւններով ծանրաբեռնուած գործընթացի մը մէջ ենք, սակայն այս դժուար օրերը կը յաղթահարենք։ Այժմ մեր համայնքէն ներս արիւնահոսութիւն մը կ՚ապրուի։ Պէտք չէ ինքնագլուխ գործենք ու պէտք է համախմբուինք համայնքի ընդհանուր շահերու գիտակցութեամբ։ Այսօր շատեր համայնքէն ներս խնդիրները կ՚անձնականացնեն, սակայն մենք պէտք է կեդրոնանանք համայնքային շահերու վրայ, մեր հաւաքական շահերուն վրայ։ Ուրիշ համայնք ունի՞նք։

«Առկախուած պատրիարքական ընտրութեան հարցն է, որ մեր համայնքը մատնած է առկայ վիճակի։ Ես ալ Ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի ընդդիմադիրներէն մին եմ, սակայն համայնքի շահուն համար անհրաժեշտութեան պարագային իր հետ կը խօսիմ, իր հետ կ՚աշխատիմ։ Առանց պատրիարքի առկայ վիճակը տակն ու վրայ վիճակ մը ստեղծած է համայնքէն ներս։ Սակայն մենք պարտաւոր ենք վերականգնուելու եւ այս ժամանակաշրջանի հետեւանքները վերանորոգելու», ըսաւ Յարութիւն Շանլը։

Վարժարաններու պարագային եւս շօշափեցինք Յարութիւն Շանլըի տեսակէտը։ Իր խօսքով, ճիշդ է, որ մեր դպրոցներու ղեկավարութիւնները կ՚ունենան որոշ թերացումներ, սակայն այդ բոլորը չեն կրնար պատճառ դառնալ առկայ կացութեան։ Շանլը տեղեկացուց, որ VADİP-ի նախաձեռնութեամբ կրթական հարցերու շուրջ պատրաստուած է տեղեկագիր մը։ Շուրջ երկու շաբթուան ընթացքին այդ տեղեկագիրը վերջնական ձեւ պիտի ստանայ եւ աւելի վերջ խորհրդակցութեան շրջան մը պիտի սկսի։ Իրենք կը նախատեսեն այդ տեղեկագիրը առաջին հերթին ներկայացնել Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց, աւելի վերջ ալ մեր այն ինքնաբաւ համայնքային հաստատութիւններուն, որոնք անհրաժեշտ ներուժը ունին այլ վարժարաններու օգնելու համար։

Չորեքշաբթի, Մայիս 23, 2018