ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 50-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԻՆ ՅԱՏԿԱՆՇԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ ՄԸ՝ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ
Երէկ երեկոյեան Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ տեղի ունեցաւ ոգեկոչման ձեռնարկ մը։ Կայանի հիմնադրութեան 50-ամեայ յոբելենական շրջանին զուգադիպած յատկանշական երեկոյթ մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին ոգեկոչուեցաւ հաստատութեան հիմնադիրը՝ հոգելոյս Շնորհք Պատրիարք Գալուստեան։ Երեկոյթին նախագահեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Ներկայ էին Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Կղզեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Շատեան, Կազդուրման կայանի խնամատար մարմնի ատենապետ Արթին Քիլէճի եւ իր ընկերները, տնօրէնուհիի Թամար Ներկիզ, կայանի սաներ եւ կղզեբնակ մշակութասէրներ։
Թամար Ներկիզի ողջոյնի խօսքով սկսաւ յայտագիրը, որու պատրաստութեան ուղղութեամբ աշխատանք տարած էր յայտնի արուեստագէտ Արամ Կոստանեան։ Երեկոյթի տեւողութեան կայանի սաները հանդէս եկան խմբերգներով, ուրարակիր Հրանդ Չիզմէճեանի մականին ներքեւ եւ Սիրուն Սիրունեանի նուագակցութեամբ։
Հոգեւորականներու, արուեստագէտներու, մտաւորականներու եւ գրչի մշակներու կողմէ զանազան առիթներով բերուած վկայութիւններու հիման վրայ՝ կայանի սաները թատերակներու ձեւաչափին մէջ դրուագներ ներկայացուցին հոգելոյս պատրիարքի կեանքէն։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հուսկ բանքով եզրափակուեցաւ երեկոյթը։ Նորին Սրբազնութիւնը նշեց, որ յատկանշական ոգեկոչման հանդիսութիւն մը եղած է այս մէկը, որովհետեւ հանգուցեալ պատրիարքը վերյիշուած է իր իսկ կողմէ հիմնադրուած հաստատութեան մը երդիքին տակ։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան գնահատեց ձեռնարկի կազմակերպիչները, Արամ Կոստանեանի գլխաւորութեամբ։
Թրքահայ կեանք
- 10/07/2024
- 10/07/2024