ԱՐԱՄԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ վերջերս գումարուեցաւ հերթական ընդհանուր ժողով։ Երբ համաճարակով պայմանաւորուած ընկերային կեանքի սահմանափակումները որոշ չափով մեղմացած են, մեր միութենական կեանքէն ներս ալ կը նկատուի աշխուժութիւն մը։ Այս մթնոլորտին մէջ տեղի ունեցաւ Արամեան սանուց միութեան համագումարը, որու ընթացքին ընտրուեցաւ 2021-2023 շրջանի նոր վարչութիւնը։ Միութեան հաւաքատեղիին մէջ, Խաչիկ Քէօսէեանի կողմէ գլխաւորուած դիւանի առաջնորդութեամբ, ըստ նախատեսուած օրակարգին իրականացաւ ընդհանուր ժողովի աշխատանքը։ Անցեալ շրջանի գործունէութեան վերաբերեալ տեղեկագրերու հաստատման զուգահեռ՝ համագումարի մասնակիցները ընտրեցին նոր վարչութիւնը։ Նորընտիր վարչութեան գլուխը մնալ կը շարունակէ Սեւան Աթաօղլու, որ վերջին տարիներուն արդէն ատենապետի պաշտօնը կը վարէր եւ միութենէն ներս յաջողած է իր գործակից ընկերներուն հետ որոշ աշխուժութիւն մը ստեղծել։

Սեւան Աթաօղլուի կողմէ գլխաւորուած նորընտիր վարչութեան միւս անդամներն են՝ Ալին Չալկըճեան Շէնճան, Ալէն Պիւյիւքգույումճեան, Արէտ Տէյիրմենճի, Թանիա Հանչէրօղլու, Սօնա Թաշճըլար Ճերմակեան եւ Մարալ Էպէօղլու Սաթար։

Նորընտիր վարչութիւնը արդէն գումարած է իր անդրանիկ նիստը։ Վարչայինները կը նախատեսեն յառաջիկայ հոկտեմբերին միութեան երդիքին տակ գործունէութիւններու ձեռնարկել՝ եթէ համաճարակով պայմանաւորուած արտասովոր պայմաններ խնդրոյ առարկայ չդառնան։

Կը շնորհաւորենք Արամեան սանուց միութեան նորընտիր վարչութիւնը եւ յաջողութիւն կը մաղթենք։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 23, 2021