ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ նշուեցաւ Լուսաւորիչ երգչախումբի հիմնադրութեան 90-ամեակի յոբելեանը։ Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որ տուաւ օրուան պատգամը։ Օրուան պատարագիչն էր Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Լուսաւորիչ երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յակոբ Մամիկոնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Մելինէ Թեմելճիի։ Արարողութիւններու մասնակիցներու շարքին էին Իսթանպուլի երեսփոխան Մարգար Էսաեան, մեր բարերարներէն Արէտ-Մոնիք Երկանեան ամոլը, քոյր դպրաց դաս-երգչախումբերու ներկայացուցիչներ, Պէյօղլուի ընտանիքէն պատասխանատուներ եւ հաւատացեալներ։ Նորին սրբազնութիւնը արարողութեան ընթացքին դպրութեան չորս աստիճաններ շնորհեց Արամ Տեմիրճիի, Էմիլ Էօզչելիքի եւ Արտա Քըլըճի, իսկ Թադէոս Քարափեքմէզ դարձաւ ուրարակիր։ Նորին սրբազնութիւնը օրուան քարոզին մէջ ընդգծեց երգչախումբերու կարեւորութիւնը մեր ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։ Ան կոչ ուղղեց, որպէսզի մեր երիտասարդները որպէս դպիր, որպէս երգչախումբի անդամ՝ իրենց ծառայութիւնը բերեն մեր եկեղեցիներէն ներս։

Ս. Պատարագի ընթացքին ոգեկոչուեցաւ հոգելոյս Տ. Շահան Արք. Սվաճեան, որ վեց տասնամեակ իր անմոռանալի ծառայութիւնը բերած էր մեր եկեղեցւոյ։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ «Նարեկեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Յայտագրին ժամանակ սրտի խօսքերով հանդէս եկան Լուսաւորիչ երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի ատենապետ Շանթ Չաքմաքճը եւ բազմամեայ խմբավար Յակոբ Մամիկոնեան։ Այս վերջինը մատնանշեց կարեւոր զուգադիպութիւն մը. Լուսաւորիչ երգչախումբի 90-ամեակը կը զուգադիպէր Մեծն Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակի յոբելենական շրջանին։ Յակոբ Մամիկոնեան յատկապէս շնորհակալութիւն յայտնեց մեր երաժշտական կեանքի նուիրեալ սպասաւորներէն Հրանդ Չիզմէճեանին, որ ստանձնած է երգչախումբի մանկապատանեկան կազմի պատասխանատուութիւնը։

Սիրոյ սեղանի ժամանակ մեներգներով հանդէս եկան Մարալ Այվազ Չաղլըչուպուքճու եւ Երազ Չաղլայեան։ Ծափահարութիւններու արժանացան մանկապատանեկան կազմէն Թալիա Սիրեմի եւ Էրօլ եւ Պարէտ Չաղլըչուպուքճու եղբայրներու երգերը։

Մինչ տարեդարձի կարկանդակը հատուեցաւ ծափողջոյններու ներքեւ, նորին սրբազնութեան ձեռամբ յուշանուէրներ յանձնուեցան երգչախումբի բազմամեայ սպասաւորներէն Յակոբ Սարաֆեանին եւ Վահրամ Սրկ. Լիւլէճեանին։ Յոբելեանին առթիւ յուշանուէրներ պատրաստուած էին նաեւ Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանին եւ Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չընարեանին, որոնք բացակայած էին ակամայ։

Հուսկ բանքը արտասանեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որ մաղթեց, թէ Լուսաւորիչ երգչախումբը շարունակէ լոյս սփռել մեր հաւաքական կեանքէն ներս։ 

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2019