ՆԱՐԼԸԳԱԲՈՒԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ

Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ տարեկան անուան տօնախմբութիւն, որով ստեղծուեցաւ մեծ խանդավառութիւն։ Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ լեցուած էր եկեղեցին, ուր նորին սրբազնութեան հանդիսապետութեամբ պատարագեց Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Տիրան Ա. Քհնյ. Ռէիսեան եւ Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան տեղւոյն դպիրներուն եւ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի համատեղ կազմին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սեւան Ակօշեանի։

Յաւարտ Ս. Պատարագի յարակից Սեբաստացիներու սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էին հոգեւոր հայրերը։ Ներկայ էին նաեւ համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, համակիրներ եւ հիւրեր։ Նարլըգաբուի թաղային խորհուրդի ատենապետ Վազգէն Վարդանօղլու եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։ Այս առթիւ թաղային խորհուրդը եկեղեցւոյ ընդհանուր կացութեան շուրջ տեղեկութիւններ ալ փոխանցեց համայնքային շրջանակներուն։ Թաղային խորհուրդը միեւնոյն ժամանակ յուշանուէր մը պատրաստած էր Յարութիւն Սրկ. Սարգիսեանին, որ 75 տարի բոլորանուէր ծառայութիւն մատուցած էր Նարլըգաբուի եկեղեցւոյ։ Ան ներկայիս 84 տարեկան է։ Թաղային խորհուրդին կողմէ պատրաստուած յուշանուէրը Յարութիւն Սարգիսեանին յանձնուեցաւ՝ ձեռամբ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի, որ բազմամեայ սարկաւագին փոխանցեց իր օրհնութիւնն ու գնահատանքը։

Սիրոյ սեղանը աւարտին հասաւ հուսկ բանքով եւ Տէրունական աղօթքով։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 23, 2017