ՅԱՒԱԿՆՈՏ ՆՇԱՁՈՂ

Պէյօղլուի ս. եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը երէկ հանդէս եկաւ կատարեալ հաշուետուութիւնով մը, ինչ որ բիւրեղացուց իր գործունէութեան յաւակնոտ նշաձողը։ Երէկ երեկոյեան, համայնքային շրջանակները «Նարեկեան» սրահ հրաւիրուած էին՝ ատենապետ Աքսել Թոփալեանի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդի գործունէութեան հիմնական առանցքներուն եւ առաջին արդիւնքներուն ծանօթանալու համար։ Հաւաքոյթը հովանաւորեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու կողքին էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ներկայ էին Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ, համայնքային վարիչներ, Պէյօղլուի ընտանիքի յարակից հաստատութիւններու պատասխանատուներ եւ հիւրեր։

Կանխաւ նշենք, որ Պէյօղլուի ս. եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը պաշտօնի գլուխ գալէն ի վեր՝ վերջին եօթ ամսուան ընթացքին ծաւալած է աննկարագրելի գործունէութիւն մը, որու փայլուն արդիւնքներու լոյսին տակ ապագայի ուղղեալ նոր յոյսեր ծիլ կու տան՝ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս երկարաժամկէտ ձեռքբերումներու հասնելու ուղղութեամբ։ Երէկուան հաշուետուութեան ժամանակ համայնքային շրջանակներուն մատուցուած համայնապատկերին շնորհիւ սրահին մէջ բարձր տրամադրութիւն ստեղծուեցաւ՝ որովհետեւ ներկաներուն ականատես եղածը իսկապէս ծափահարելի էր եւ բարձր գնահատանքի արժանի։

Յայտագիրը գործադրուեցաւ Ռաֆֆի Սիւզմէի հանդիսավարութեամբ, որ բացումին ջերմօրէն ողջունեց բոլորը։ Ան նշեց, որ 18 հոգիէ բաղկացեալ թաղային խորհուրդը եօթ ամսուան տեւողութեան տքնաջան աշխատանք տարած է եւ բազում դժուարութիւններ յաղթահարելով դուրս եկած՝ զարգացման ճանապարհ։ Այս ողջոյնի խօսքէն վերջ թաղային խորհուրդի գործունէութիւնը եօթ հիմնական առանցքներու շուրջ ներկայացուեցաւ մասնակիցներուն։ Թաղային խորհուրդի կազմէն իւրաքանչիւր ոլորտի պատասխանատուութիւնը ստանձնած անդամները մի առ մի մանրամասնութիւններ ներկայացուցին եւ այդ բոլորին հանրագումարը ուրուագծեց պատկառելի պատկեր մը։ Այդ առանցքներն էին՝ իրաւունքը, կալուածները, եկեղեցիներն ու գերեզմանատունը, ելմտական գործերը, կրթութիւնը, ընկերային օժանդակութիւնը եւ ի վերջոյ մշակոյթը, գեղարուեստն ու մարմնամարզը։ Սա նախ եւ առաջ ցոյց կու տար, որ թաղային խորհուրդի անդամները շատ լաւ դերաբաժանում մը ըրած էին իրարու միջեւ եւ ամուր ենթագետին մը պատրաստած էին իրենց նպատակասլաց աշխատանքին համար։ Իւրաքանչիւր առանցքի շուրջ ներկայացուած տուեալները մէկ կողմէ շատ ողջունելի էին, իսկ միւս կողմէ անցեալ շրջանի հետ կատարուած բաղդատութիւններու լոյսին տակ բոլորը չկարողացան զսպել իրենց ցասումը։ Թաղային խորհուրդի անդամներու զեկուցումներուն յաջորդած հարցում-պատասխանի բաժնին մէջ եւս ի յայտ եկաւ այժմու կազմին ինքնավստահութիւնն ու համարձակութիւնը՝ բոլոր հարցումներուն պատասխանելու պատրաստակամութեան առումով։ Ինչպէս ատենապետ Աքսել Թոփալեան նշեց, այժմու թաղային խորհուրդը Պէյօղլուի մէջ փլատակներու վրայ աշխատելու սկսաւ, սակայն կէս տարի անց իրականութիւնը այն է, որ այս կառոյցը կը պատրաստուի ապագայի։

Երէկ մատուցուած բազմակողմանի տուեալներու ամբողջին մէջ առանձնացան շարք մը տուեալներ։ Այսպէս, թաղային խորհուրդը ունի 17 կալուածաթուղթ եւ այդ կալուածներէն 13-ը հասութաբեր է։ 251 վարձակալութեան յարմարութեամբ տարածք կը տնօրինէ Պէյօղլուի թաղային խորհուրդը, որ վերջին եօթ ամսուան ընթացքին յաջողած է վարձակալութեան եկամուտները ընդհանուր առմամբ բարձրացնել 56 տոկոսով։ Իսկ Թոքաթլեան խանի պարագային վարձակալութեան հասոյթները բարձրացած է 130 տոկոսով։ Ենթակառուցուածքներու եւ ֆիզիքական պայմաններու կատարելագործման առումով հսկայական աշխատանք կատարուած է՝ թաղային խորհուրդին կողմէ տնօրինուած բոլոր շէնքերու պարագային։ Այս առումով շատ խորհրդանշական էր, որ երէկուան հաւաքոյթն ալ կազմակերպուած էր վերանորոգեալ «Նարեկեան» սրահին մէջ։ Այս պատմական սրահի վերանորոգութեան ծախսերը հոգացած էր Աքսել Թոփալեան։ Այսինքն, թաղականները բացատրեցին, որ թէ՛ լուրջ ծախսեր կատարուած են եւ թէ անոնց զուգահեռ լուրջ համեմատութեամբ գումար հաւաքած ու խնայած են։ Թաղային խորհուրդը գործի գլուխ եկած է 6 միլիոն 500 հազար թրքական լիրա պարտք ժառանգելով, իսկ այսօր իր արկղին մէջ ունի 3 միլիոն թրքական լիրա։ Այս նոյն ժամանակահատուածին համայնքային ուրիշ հաստատութիւններուն՝ մանաւանդ միւս դպրոցներուն համար Պէյօղլուի ս. եկեղեցեաց թաղային խորհուրդէն կատարուած յատկացումներն ալ բարձրացած են 1676 տոկոսով։

Վարչատնտեսական գետնի վրայ ապահովուած արդիւնքները ուղիղ համեմատութեան մէջ են նաեւ այլ ուղղութիւններու պարզած պատկերին հետ։ Պէյօղլուէն ներս հոգեւոր-եկեղեցական կեանքը վերակենդանացած է, միասնութիւն եւ համերաշխութիւն կը տիրէ յարակից բոլոր մարմիններուն միջեւ, ծիսական իրերու եւ սրբանկարներու նորոգութեան ուղղութեամբ աշխատանքներ կը տարուին։ Շիշլիի գերեզմանատունն ալ բարեկարգուած է եւ այլեւս կը կառավարուի նոր մտայնութիւնով մը, գերեզմանատան տնօրէնութիւնը աւելի անմիջականօրէն կը վերահսկէ ամէն ինչ։

Ընկերային զօրակցութեան շրջանակին մէջ բոլորովին նոր մտայնութիւնով մը յառաջ տարուիլ սկսած է աղքատախնամի գործունէութիւնը։ Այս ոլորտի պատասխանատուները նշեցին, որ ուղղակի կը շփուին կարիքաւոր ընտանիքներու հետ, անոնք եկեղեցի կը հրաւիրեն, իրենց այցելութեան կ՚երթան եւ նպաստընկալներու հետ անմիջական կապ մը ստեղծուած է։ Թաղականները կարեւորութեամբ ընդգծեցին, որ իրենց կարմիր գիծը դարձուցած են այդ ընտանիքներու գաղտնապահութիւնը։ Այս պահու դրութեամբ 300 հոգի աջակցութիւն կը ստանայ Պէյօղլուի թաղային խորհուրդէն, որ զօրակցութեան եւ իրերօգնութեան աւանդութիւնները կենդանի պահելու հետամուտ է։ Թաղային խորհուրդը կ՚ուզէ զօրակցութիւնը զգալի դարձնել, որովհետեւ յիշեալ այցելութիւններուն ընթացքին մարդիկ իսկապէս ցնցիչ դրուագներու ականատես դարձած են։ Անցեալին տարին մէկ անգամ կատարուած պարէնի օգնութիւնը ներկայիս արդէն տարին 6 անգամի բարձրացուած է՝ Պատրիարքարանի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբին հետ համագործակցութեամբ։ Ի լրումն այս բոլորին, թաղային խորհուրդը համայնքի երիտասարդներուն կը յատկացնէ նաեւ կրթաթոշակներ՝ մանաւանդ համալսարանականներուն։

Ամուր վարչային կամքի դրսեւորումները նկատելի դարձած են նաեւ Էսաեան վարժարանի պարագային։ Այս տարեշրջանին դպրոցը արդէն 67 նոր աշակերտ ունի։ 7 հոգինոց մանկապարտէզը 23 հոգիի բարձրացած է։ Հիմնադրի ներկայացուցիչ Լենա Ենիեորկան նշեց, որ իրականութեան մէջ իրենք կ՚ընեն պարզապէս այն, ինչ որ պէտք է ըլլայ։ Ան այսօրուան կացութիւնը կարեւորեց, ըստ էութեան, այն տեսանկիւնէն, որ վերջին տարիներու բարձիթողի կացութենէն յետոյ, միայն չորս ամսուան ընթացքին այսպիսի վերելքի մը թափը վերահաստատուած է։ Թաղային խորհուրդի կրթութեան հարցերու պատասխանատու անդամները շեշտեցին նաեւ, որ արդի ուսուցման մեթոտները, առցանց համակարգերու ներմուծումը մաս կը կազմեն իրենց առաջնահերթութիւններու շարքին։ Յանձնախումբը կը հաշուարկէ նաեւ, որ առկայ տնտեսական դժուարութիւնները կրնան գործօն մը դառնալ, որպէսզի մեր համայնքի այն տղաքը, որոնք ոչ-համայնքային դպրոցներ կը յաճախեն, կրնան յառաջիկային վերադառնալ հայկական դպրոց։

Ոլորտային այս անդրադարձներուն առընթեր, թաղային խորհուրդը կարեւոր բացատրութիւններ տուաւ նաեւ երկու հիմնական հարցերու շուրջ, որոնք միշտ առարկայ կը դառնան հանրային կարծիքի եւ համայնքի ուշադրութեան։ Այսպէս, այդ հարցերուն առաջինն է Թոքաթլեան խանի ապագան, իսկ միւսը՝ անցեալ շրջանի թաղային խորհուրդին նկատմամբ վերաբերմունքը։

Թէեւ երէկուան հաւաքոյթը պարզապէս այժմու թաղային խորհուրդի գործունէութեան առաջին քայլափոխի արդիւնքները բաղդատական ձեւով մատուցելու համար էր եւ թաղականները հակուած չէին ապագայի ծրագիրներուն վերաբերեալ այժմէն հրապարակումներ ընելու, սակայն, Թոքաթլեանի մասին հակիրճ տեղեկութիւններ ներկայացուեցան՝ առանց իրադարձութիւններէն առաջ իյնալու։ Այսպէս, պատմական շէնքի արժեւորման նիւթը, անշուշտ, թաղային խորհուրդի օրակարգին վրայ է։ Այդ աշխատանքները սկսած են, թաղային խորհուրդը ունի իր մտահորիզոնը եւ տեսլականը։ Առաջին փուլին շէնքի այժմու վիճակին մասնագիտական նկարագրումը անհրաժեշտ է՝ նոյնպէս մասնագիտական տեղեկագիրներու հիման վրայ։ Առանց այդ նկարագրականը ունենալու, արդէն կարելի չէ որեւէ ծրագիր մշակել եւ գործնական աշխատանք տանիլ։ Ուստի, թաղային խորհուրդը այդ գործին սկիզբ տուած է եւ սա արդէն գործընթաց մըն է, որ բաւական ժամանակի կը կարօտի։ Շարունակութեան համար ալ այժմէն շփումներ մշակուիլ սկսած են եւ զանազան ընկերութիւններու հետ սկզբնական փուլի խօսակցութիւններ կը ծաւալուին։ Նկատի ունենալով, որ տակաւին հասունցած ոչինչ կայ՝ թաղային խորհուրդը այժմ կը նախընտրէ վերացական խօսակցութիւններ չընել, որպէսզի կարելի ըլլայ խնայել ապագայ աշխատանքներուն ընթացքը եւ երաշխաւորել ծրագրին ի կատար ածուիլը։ Որդեգրուած սկզբունքներէն մին ալ այն է, որ Թոքաթլեանի նման կոթողային շէնքի մը ապագան պէտք է պատրաստել անոր անցեալին վայել ձեւով եւ այս առաջնահերթութիւնը, անշուշտ, շատ բան կը պարփակէ իր մէջ։

Գալով անցեալ շրջանի թաղային խորհուրդի գործունէութեան նկատմամբ վերաբերմունքի հարցին՝ ատենապետ Աքսել Թոփալեան եւ իր ընկերները իսկապէս հաւասարակշռուած եւ հեռատես, նաեւ պաղարիւն վերաբերմունք կը ցուցաբերեն այս խնդրին նկատմամբ։ Երէկուան լուսաբանութիւնները համոզիչ ու հիմնաւորեալ էին նաեւ այս առումով։ Արդարեւ, թաղային խորհուրդը կը գիտակցի, թէ անցեալ շրջանի իրադարձութիւնները համայնքին հաւաքական խիղճը արիւնած են եւ պատճառ դարձած՝ համատարած պոռթկումի ու ցասումի։ Յամենայնդէպս, զգացական հարթութենէ հեռու, վարչական լրջութեամբ եւ իրաւական մտայնութեամբ այս խնդիրը կ՚ընկալուի թաղային խորհուրդին կողմէ։ Այժմու կազմը գործի գլուխ գալէ անմիջապէս վերջ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան դիմած է, որպէսզի հակակշռի պաշտօնական տեղեկագիր մը պատրաստուի Պէյօղլուի համար։ Այս պաշտօնական զեկոյցը պահանջուած է, որովհետեւ այդ մէկը կրնայ պատրաստել հիմնական ամուր ու օրինական ենթագետինը, որու վրայ կարելի է հետամուտ ըլլալ անցեալի հաշուեկշռին եւ կորուստները յետադարձ որոնումներով ու քննութիւններով բիւրեղացնելու նպատակին։ Այսինքն, թաղային խորհուրդը այս նիւթին նկատմամբ համբերատար վերաբերմունք ցոյց կու տայ՝ մանաւանդ, որ պատկան մարմիններէն պաշտօնական քննիչներ կատարած են իրենց ուսումնասիրութիւնը եւ ներկայիս տեղեկագիրը պատրաստութեան փուլի մէջ կը գտնուի։

Երէկուան հաւաքի հուսկ բանքին Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը մաղթեց, որ համայնքէն ներս թափանցիկութեան աւանդութիւնը խորանայ։ Ան նշեց, որ Պէյօղլուի այսօրուան պատկերը յուսադրիչ է եւ շատ կարեւոր է, որ այս աչքառու զարգացումներէն վերահասու ըլլայ նաեւ հանրային կարծիքը։ Նորին Ամենապատուութիւնը յորդորեց, որ համայնքէն ներս արեւմտահայերէնի ապագային ուղղեալ ալ տեսլական մը ձեւաւորուի։ «Ի՞նչ պիտի ըլլայ, եթէ մեր մայրենին կորսուի, սակայն մենք շատ հարստանանք։ Սա խնդիր է։ Այսպիսի յաջողութիւն մը մեզի ի՞նչ կրնայ բերել», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ առանց մայրենիի անկարելի է հայկական դիմագիծ պահել։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2023