ԱՄԱՆՈՐԻ ՍԵՄԻՆ «ԱՐԱՍ» ՀՐԱՏԱՐԱԿՉՈՒԹԻՒՆԸ ԳԻՐՔԵՐ ԿԸ ՁՕՆԷ ՊԱՏԱՆԻ ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐՈՒՆ

Գոհունակութեամբ կը տեղեկանանք, որ Ամանորի ընդառաջ «Արաս» հրատարակչութիւնը պատանի ընթերցողներու տրամադրութեան տակ դրած է երկու արժէքաւոր գիրք՝ մին հայերէն, իսկ միւսը թրքերէն։

«Մեծ տղաքը կու լան» կը կոչուի գիրքը, որու հեղինակն է Ճոնթի Հոուլի՝ միեւնոյն ժամանակ կատարած ըլլալով նկարազարդումը։ Հայերէն թարգմանութիւնը կատարած է «Արաս»ի գլխաւոր խմբագիր Ռոպէր Քոփթաշ։ Էզկի Պերք՝ որպէս խմբագիր եւ Մելիսա Արսէնեան՝ որպէս էջադրող հրատարակութեան պատրաստած են այս գիրքը՝ «Արաս»ի կողմէ ձեռնարկուած «Հիփփօ» ծրագրի ծիրէն ներս։

«Erkek Adam Ağlar» անունով հրատարակուած է նաեւ գիրքի թրքերէն տարբերակը՝ Լոռա Սարըի թարգմանութեամբ։

Համաճարակի ներկայ շրջանին երբ անխուսափելի սահմանափակումները գրաւի տակ առած են առօրեան, պատանիներն ալ ստիպողաբար փակուած են բնակարաններու մէջ։ Արդիւնաւէտութեան տեսակէտէ բաւական վիճելի ձեւով անոնք կը հետեւին հեռավար ուսուցման, սակայն, նոյնիսկ եթէ ամէն ինչ կատարեալ ըլլայ, յամենայնդէպս, առկայ վիճակը գոհացուցիչ չէ մատղաշ սերունդի կազմաւորման կատարեալ միջավայր մը ապահովելու տեսանկիւնէն։ Տղաքը տուներու մէջ փակուած միայն ելեկտրոնիկ սարքաւորումներով, ընկերային ցանցերու միջոցաւ կ՚ապահովեն իրենց ժամանցը։ Այս տեսանկիւնէն բացառիկ արժէք կը ներկայացնեն «Արաս»ի կողմէ հրատարակուած այս երկու գիրքերը, որոնք կրնան պատանիներուն տեսակէտէ կարեւոր այլընտրանք մը ըլլալ թէ՛ ժամանցի եւ թէ ներաշխարհի ձեւաւորման տեսանկիւնէն։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2020